Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Պիտի Շարունակէ Համագործակցիլ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Հետ Վերջնական Կարգաւորման Հասնելու Համար. Նետ Փրայս

ԱՄՆ Պիտի Շարունակէ Համագործակցիլ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Հետ Վերջնական Կարգաւորման Հասնելու Համար. Նետ Փրայս

by MassisPost

ԱՄՆ իր գործընկերներուն հետ կը շարունակէ ներգրաւուած մնալ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առնչուող խնդիրներու լուծման ուղղուած ջանքերուն մէջ: Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը:

«Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ յանձնառու մնալ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի անվտանգ, կայուն, ժողովրդավարական, բարգաւաճ եւ խաղաղ ապագայի խթանման: Մենք կը շարունակենք ներգրաւուած մնալ երկկողմանիօրէն, համախոհ գործընկերներու հետ, ինչպիսին է Եւրոմիութիւնը, նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու միջոցով, ինչպիսին է ԵԱՀԿ-ը` նպաստելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեանն առնչուող կամ անկէ բխող բոլոր առկայ հիմնախնդիրներուն լուծումներ գտնելու համար», ըսած է Փրայս:

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը յիշեցուցած է պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի կողմէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իր գործընկերներուն միջեւ Ուաշինկթընի եւ Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած հանդիպումներուն մասին:

«Մենք պիտի շարունակենք ընել այն, ինչը, մեր գնահատմամբ, լաւագոյն հեռանկարները ունի` յառաջ տանելու անվտանգ, կայուն, ժողովրդավարական, բարգաւաճ եւ խաղաղ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի տեսլականը: Մենք, ի հարկէ, կը փափաքինք տեսնել, որ կողմերը իրենք յառաջընթաց կ’արձանագրեն: Թէ ինչպիսին պիտի ըլայ այս հակամարտութեան համապարփակ լուծումը, մեր որոշելու հարցը չէ: Այդ ծանր աշխատանք է, որ կողմերը իրենք պէտք է ընեն», ըսած է Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը:

Նետ Փրայս դարձեալ շեշտած է, որ պիտի շարունակէ համագործակցիլ կողմերուն հետ վերջնական լուծման հասնելու համար:

«Մենք ամէնօրեայ դրութեամբ ներգրաւուած ենք եւ պիտի շարունակենք սերտօրէն համագործակցիլ կողմերուն հետ` երկկողմ, եռակողմ, ԵԱՀԿ-ի միջոցով, ինչպէս նաեւ այլ գործընկերներու միջոցով, որպէսզի օգնենք հասնելու այդ վերջնական վիճակին», նշած է Փրայս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment