Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին Միջնորդութեամբ Արցախէն Երկու Հիւանդներ Տեղափոխուած Են Հայաստանի Մասնագիտացուած Բժշկական Կեդրոններ

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին Միջնորդութեամբ Արցախէն Երկու Հիւանդներ Տեղափոխուած Են Հայաստանի Մասնագիտացուած Բժշկական Կեդրոններ

by MassisPost

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին միջնորդութեամբ Արցախէն երկու հիւանդներ Յունուար 4-ին տեղափոխուած են Հայաստանի տարբեր մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութիւնը:

«Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմից արգելափակելու պատճառով Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան Հանրապետական բժշկական կեդրոնում երկու հիւանդներ օրեր շարունակ գտնւում էին բժիշկների հսկողութեան տակ:

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ երկու հիւանդներն այսօր տեղափոխուել են ՀՀ տարբեր մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment