ԱՄՆ իր գործընկերներուն հետ կը շարունակէ ներգրաւուած մնալ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առնչուող խնդիրներու լուծման ուղղուած ջանքերուն մէջ: Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը:
«Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ յանձնառու մնալ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի անվտանգ, կայուն, ժողովրդավարական, բարգաւաճ եւ խաղաղ ապագայի խթանման: Մենք կը շարունակենք ներգրաւուած մնալ երկկողմանիօրէն, համախոհ գործընկերներու հետ, ինչպիսին է Եւրոմիութիւնը, նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու միջոցով, ինչպիսին է ԵԱՀԿ-ը` նպաստելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեանն առնչուող կամ անկէ բխող բոլոր առկայ հիմնախնդիրներուն լուծումներ գտնելու համար», ըսած է Փրայս:
ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը յիշեցուցած է պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի կողմէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իր գործընկերներուն միջեւ Ուաշինկթընի եւ Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած հանդիպումներուն մասին:
«Մենք պիտի շարունակենք ընել այն, ինչը, մեր գնահատմամբ, լաւագոյն հեռանկարները ունի` յառաջ տանելու անվտանգ, կայուն, ժողովրդավարական, բարգաւաճ եւ խաղաղ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի տեսլականը: Մենք, ի հարկէ, կը փափաքինք տեսնել, որ կողմերը իրենք յառաջընթաց կ’արձանագրեն: Թէ ինչպիսին պիտի ըլայ այս հակամարտութեան համապարփակ լուծումը, մեր որոշելու հարցը չէ: Այդ ծանր աշխատանք է, որ կողմերը իրենք պէտք է ընեն», ըսած է Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը:
Նետ Փրայս դարձեալ շեշտած է, որ պիտի շարունակէ համագործակցիլ կողմերուն հետ վերջնական լուծման հասնելու համար:
«Մենք ամէնօրեայ դրութեամբ ներգրաւուած ենք եւ պիտի շարունակենք սերտօրէն համագործակցիլ կողմերուն հետ` երկկողմ, եռակողմ, ԵԱՀԿ-ի միջոցով, ինչպէս նաեւ այլ գործընկերներու միջոցով, որպէսզի օգնենք հասնելու այդ վերջնական վիճակին», նշած է Փրայս: