Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հալէպի Մէջ Փառաշուք Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան 135-Ամեակը

Հալէպի Մէջ Փառաշուք Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան 135-Ամեակը

by MassisPost

Կազմակերպութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան, արժանավայել հանդիսութեամբ մը Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադրութեան փառապանծ 135-ամեակի տօնակատարութիւնը նշուեցաւ Երկուշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2022-ին, Գ . Եսայեան սրահին մէջ ։

Սրահի մուտքին Հալէպի Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբը պաշտօնական անձնաւորութիւններու ժամանումը հիւրընկալեց յատուկ նուագով եւ ազգային հայրենասիրական երգերով ։

Տօնակատարութեան Ներկայ գտնուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս Աշգարեան, Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ գերապայծառ Պետրոս Արք. Միրիաթեան , Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան , Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Պրն. Բաբգէն Պատալեան , Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան , Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջանի Վարիչ Մարմնի ատենապետ ընկեր Աւետիս Խոշաֆեան , Հալէպի մէջ հայ քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ , բարեսիրական մշակութային մարզական հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հալէպահայ բազմութիւն մը ։

Սուրիոյ , Հայաստանի եւ Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները մէկ վարկեան յոտնկայս յարգեցին Սուրիոյ , Հայաստանի եւ Արցախի նահատակներուն յիշատակը: Հանդիսութեան բացման խօսքերով հանդէս եկան ընկերուհի Մարալ Անուշեան Գոնճայեան՝ արաբերէնով, իսկ Օրդ . Սէրլի Սարգիսեան՝ հայերենով ։

Տօնակատարութիւնը ունէր երեք բաժին. այն սկիզբ առաւ Ն.Ս.Մ.Մ. «Անդրանիկ» թատերախումբի անդամներուն կողմէ պատրաստուած ներկայացումով՝ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի ծնունդին հեռաւոր մօտաւոր նպատակներուն իմաստը, գլխաւոր բեմադրիչ Պրն. Զօհրապ Քէօշկէրեանի: Անոր յաջորդեց փունջ մը ազգային կուսակցական երգեր, կատարողութեամբ Լիբանանէն հրաւիրուած երգիչ ընկ. Յովիկ Թաֆրանեանի, ապա ասմունքով հանդէս եկաւ Կիլիկեան Ճեմարանի Հայոց լեզուի երկարամեայ ուսուցչուհի ընկերուհի Վարդուկ Չաթալպաշեան, որ մեծ ապրումով եւ գերազանց առոգանութեամբ հմայեց հանդիսականները:

Պահը հասած էր օրուան բանախօսի ելոյթին:

Յարգելի բանախօսը՝ սուրիահայութեան մօտիկ՝ Լիբանանէն յատուկ հրաւիրուած Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Ընկ. Ալեք Քէօշկէրեանը յստակ բացատրեց Ս.Դ.Հ.Կ.-ի գործունէութեան եւ անոր պատմականին մասին:

Ապա 135-ամեակին առթիւ տեղի ունեցաւ պարգեւատրում՝ շրջանի մէջ գործած անշահախնդիր շարքայիններու:

Հասնելով ձեռնարկի պաշտօնական բաժնի աւարտին, հրաւիրուեցաւ հանդիսութեան հովանաւորը՝ թեմիս բարեխնամ նորընտիր Առաջնորդը՝ իր սրտի խօսքը փոխանցելու: Սրբազանը Հայրը վեր առաւ հայ ազգային ազատագրական պայքարի նուիրեալներու ոգին, անոնց զոհողութիւնը եւ յատկապես Ս.Դ.Հ.Կ.-ի 135-ամեայ ուղիին ընդմէջէն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի միասնականութեան գործակցութիւնը: Այնուհետեւ, ան «Պահպանիչ»ով փակեց Մայր Կուսակցութեան 135-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը:

Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ երգերով՝ ընկեր Յովիկ Թաֆրանեանի կատարողութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment