Ռուսիոյ Դաշնութիւնը մտահոգութիւն կը յայտնր, համաձայն Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան, երկու ուղղութիւններով քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռներու տեղաշարժի համար Լաչինի միջանցքի լիարժէք գործունէութեան վերականգնման գործով յառաջընթացի բացակայութեան առնչութեամբ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան, որ հրապարակուած է նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին մէջ:
«Ռուսական կողմը, մասնաւորապէս, ռուս խաղաղապահ զօրախումբին ղեկավարութիւնը, կը շարունակէ հետեւողական քայլերու ձեռնարկել այս իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ:
Կ’ընդգծենք, որ նոյնինքն ռուս խաղաղապահները առանցքային ներդրում կ’ունենան իրենց տեղակայման գօտիին մէջ անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ, ինչ որ նշուած է Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն կողմէ 2022 թուականի Հոկտեմբեր 31-ին Սոչիի մէջ կայացած գագաթաժողովին: Մեր խաղաղապահներուն դէմ որեւէ հրապարակային յարձակում եւ սադրանք կը դիտարկենք որպէս անընդունելի եւ կանխամտածուած գործողութիւններ, որոնք զգալի վնաս կը հասցնեն հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացին», նշած է Զախարովան:
Ռուսիան կոչ կ’ընէ Պաքուին եւ Երեւանին խստօրէն պահպանելու Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներու 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան բոլոր դրոյթները:
«Կը նշենք, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է օգտագործուի միայն սոյն փաստաթուղթին մէջ նշուած նպատակներուն համար: Յոյսով ենք, որ կողմերը համաձայնութեան պիտի գան տարածաշրջանին մէջ հանքավայրերու շահագործման հարցին շուրջ:
Մենք կողմ ենք տարածաշրջանին մէջ ճանապարհային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման ուղղուած բարձր մակարդակի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու ամբողջ համալիրի համակողմանի իրականացման, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման, Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման եւ երկու երկիրներու հասարակական գործիչներու, փորձագէտներու եւ խորհրդարանականներու միջեւ շփումներու հաստատման», եզրափակած է Զախարովան: