Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Գաշենի Հանքավայրը Ժամանակաւորապէս Փակելու Որոշումը Արցախի Մէջ Զիջում Չեն Դիտարկեր

Գաշենի Հանքավայրը Ժամանակաւորապէս Փակելու Որոշումը Արցախի Մէջ Զիջում Չեն Դիտարկեր

by MassisPost

Արցախի կառավարութիւնը «Պէյզ Մեթըլզ» ընկերութեան հետ համատեղ որոշած է ժամանակաւորապէս դադրեցնել հանքավայրի շահագործումը: Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Հաշուի առնելով հարեւան երկրի «բնապահպանների» ստեղծած անառողջ միջավայրն ու միջազգային հանրութեանը մոլորեցնելու փորձերը` որոշում է կայացուել դիմել միջազգային կազմակերպութիւններին` «Պէյզ Մեթըլզ» ընկերութեան գործունէութեան հետ կապուած միջազգային բնապահպանական փորձաքննութիւն իրականացնելու համար»:

Արցախի կառավարութիւնը դիմած է ՄԱԿ-ի կառոյցներուն եւ միջազգային միւս մասնագիտական կազմակերպութիւններուն` փորձաքննութեան իրականացումը սեղմ ժամկէտերու մէջ կազմակերպելու նպատակով: Կառոյցներուն անունները չեն նշուիր:

Արցախի մէջ Գաշենի հանքավայրը ժամանակաւորապէս փակելու որոշումը զիջում չեն դիտարկեր: Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարարանի ընդդիմադիր «Արդարութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Գալստեանի փոխանցմամբ` այս որոշմամբ եւս մէկ անգամ միջազգային հանրութեան ցոյց կու տան, որ պատրաստ են միջազգային վերահսկողական խումբ ընդունելու ոչ միայն Գաշենի, այլ նաեւ տարածաշրջանին մէջ: Գալստեանի փոխանցմամբ` Արցախի մէջ չեն պատրաստուիր թոյլ տալու ատրպէյճանցիներուն միակողմանիօրէն որեւէ գործողութիւն ընել, քանի որ կը պնդեն, որ Գաշենը Արցախի տարածքին մէջ է, եւ այդտեղ վերահսկողութեան իրաւունք ունին միայն Արցախի իշխանութիւնն ու միջազգային հանրութիւնը:

Լաչինի միջանցքը ատրպէյճանցիները փակեցին, երբ արցախցիները Դեկտեմբեր 10-ին թոյլ չտուին անոնց մտնել Գաշենի հանքավայր:

«Այս որոշումը չպէտք է դիտարկել բնապահպանների ինչ-որ ձեռքբերման կամ յաջողութիւնների ծիրին մէջ: Սա զիջում չէ, սա բարի կամքի եւ ընդհանրապէս մեր պատրաստակամութեան դրսեւորումն է, որ ինչ վերաբերում է բնապահպանական անվտանգութեանը, մենք պատրաստ ենք այդ հարցը ամենաբարձր հարթակներում կեանքի կոչել, բայց ոչ նախայարձակ Ատրպէյճանի եւ իրականութիւնը աղաւաղող երկրի ենթակայական վերահսկողական խմբի հետ», նշեց «Դաշնակացութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեանը:

Անոր համոզմամբ` բոլորին համար պարզ է, որ բնապահպանական խնդիր չկայ, եւ Արցախի կառավարութիւնը, հանքի շահագործումը ժամանակաւորապէս դադրեցնելով, կը փորձէ ցոյց տալ, որ Ատրպէյճանը կեղծ պատրուակով շրջափակած է Արցախը. «Իսկ եթէ խնդիր կայ բնապահպանական, դրա համար դիմել ենք այդ քայլին, որ միջազգային կառոյցները գան եւ փաստեն` կա՞յ խնդիր, թէ՞ չկայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment