Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Յատուկ Ներկայացուցիչը Անդրադարձած Է Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններուն

Թուրքիոյ Յատուկ Ներկայացուցիչը Անդրադարձած Է Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններուն

by MassisPost

Դեկտեմբեր 27-ին Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ, դեսպան Սերտար Քըլըչ ելոյթ ունեցած է Անգարայի համալսարանի Լեզուաբանական եւ Պատմաաշխարհագրական բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած «Դիւանագիտութեան նուիրուած կեանք մը․ Վերջին զարգացումներու լոյսին ներքոյ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները` դիւանագէտ Սերֆար Քըլըչի աչքերով» համաժողովին:

Քըլըչը թրքական կողմի մօտեցումներու բացայայտման տեսնակիւնէն կարեւոր դիտարկումներ կատարած  է Հայաստան-Թուրքիա գործընթացի մեկնարկին, ներկայ փուլի եւ այլ էական հարցերու մասին:

Քըլըչ նախ անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ծաւալող գործընթացին: Անոր համոզմամբ` փոխադարձ ըմբռման եւ երկու կողմերու` երկարաժամկէտ շահերը հաշուի առնելու պարագային պիտի յաղթահարուին առկայ խնդիրները:

«Պէտք է գիտակցինք, որ գործընթացներէն մէկուն դրական տեղաշարժը դրականօրէն կ’ազդէ միւս գործընթացին վրայ եւ նմանապէս գործընթացներէն մէկուն բացասական զարգացումը կ’ազդէ միւսին վրայ: Այս երկու գործընթացները առանձին-առանձին են, բայց հնարաւոր չէ լիովին տարանջատել իրարմէ»:

​Այնուհետեւ գալով հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացին` Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչը նշած է, որ խօսակցութիւններ կան, թէ Թուրքիան եւ Հայաստանը իրականութեան մէջ եռակողմ բանակցութիւններ կը վարեն, որովհետեւ Ատրպէյճանն ալ մաս կը կազմէ այդ գործընթացին:

«Ի հարկէ Ատրպէյճանն ալ կայ, Հայաստանի հետ երկխօսութիւն ունեցող որոշ երկիրներ ալ կան: Սակայն անոնք ֆիզիքապէս այս գործընթացին մէջ չկան, եւ չեն կրնան պայմաններ թելադրել այս գործընթացին մէջ: Այս գործընթացը բացառապէս երկկողմանի մակարդակով տարուող գործընթաց է: Բացառապէս իմ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի միջեւ տեղի կ’ունենայ: Իր հետ նաեւ որպէս բարեկամ ալ լաւ յարաբերութիւններ ունինք»:

Քըլըչը յիշեցնելով Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ վերջին շրջանին տեղի ունեցած տարբեր մակարդակի հանդիպումներու դրական մթնոլորտը, այնուամենայնիւ շեշտած է, որ ներկայ փուլին որոշակի խնդիրներ կան: Անոր կարծիքով` առկայ խնդիրներու լուծման հետամուտ պէտք է ըլլան տարածաշրջանային երկիրները, բայց վերջին շրջանին ԵԱՀԿ-ը, Եւրոմիութիւնը սկսած են միջամտել եւ խնդիրը միջազգայնացնել, ինչ որ թուրք դեսպանը սխալ կը համարէ:

«Տարածաշրջանային երկիրները իրենց խնդիրները իրենց նախաձեռնութեամբ պէտք է լուծեն եւ տէր կանգնին անոնց: Այս պահին մենք Ռուբինեանի հետ միասին այս կը փորձենք ընել»:

Սերտար Քըլըչ շեշտած է, որ կարգաւորման գործըթնացի ծիրին մէջ առարկայական քայլեր կը կատարուին: Անոնցմէ մէկը այն է, որ շատ կարճ ժամկէտի մէջ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ օդային երկկողմանի օդային բեռնափոխադրումները պիտի սկսին: Քըլըչ կողմնակից է այն տեսակէտին, որ տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման գործընթացը կ’անցնի Թուրքիա-Հայաստան կարգաւորման գործընթացի միջով: Հայաստանի եւ Արեւմուտքի յարաբերութիւններու կայուն հիմքերու վրայ դրուիլն ալ Թուրքիա-Հայաստան գործընթացի յաջողութենէն կախուած է:

«Եթէ Հայաստանի մէջ ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացում եւ բարգաւաճում կ’ակնկալուի, ապա անոր ուղին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումն է: Հիմա պատկերացուցէք, որ երկու սահմանային անցակէտ ունինք, մէկը երկաթուղային, միւսը` մայրուղի-ճանապարհային: Անոնք բացուելու պարագային, Ալիջան սահմանային անցակէտի առջեւ Երեւանը կը գտնուի: Երկաթուղիի համար նախատեսուած Աքիաքա անցակէտին դիմաց ալ Կիւմրին կը գտնուի…

Այժմ Ռուսաստանի դէմ իրականացուող տնտեսական պատժամիջոցներու պայմաններուն մէջ եթէ Հայաստանի հետ առեւտուրի բնագաւառին մէջ առկայ խնդիրները հաշուի առնենք, սա Հայաստանի ժողովուրդի կենսամակարդակին վրայ շռնդալից ազդեցութիւն կրնայ ունենալ»:

«Էրմանիհապար»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment