Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը ՄԱԿ-ի Մէջ Ձեռնպահ Քուէարկած Է Հակառուսական Բանաձեւի Ընդունման․ Ատրպէյճանը Չէ Մասնակցած Քուէարկութեան

Հայաստանը ՄԱԿ-ի Մէջ Ձեռնպահ Քուէարկած Է Հակառուսական Բանաձեւի Ընդունման․ Ատրպէյճանը Չէ Մասնակցած Քուէարկութեան

by MassisPost

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովին Խրիմի եւ Սեւասթոփոլի մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակին վերաբերեալ հակառուսական բանաձեւ ընդունած է:

Վեհաժողովը Ռուսիոյ Դաշնութենէն պահանջած է անյապաղ դադարեցնել մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բոլոր խախտումները ժամանակաւորապէս բռնագրաւուած Խրիմի բնակիչներուն նկատմամբ:

Գլխաւոր Վեհաժողովը կը դատապարտէ Ուքրանիոյ եւ ուքրանացիներուն դէմ ատելութեան հրահրումը, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ Դաշնութեան յարձակումը արդարացնող ապատեղեկատուութեան տարածումը, այդ շարքին` կրթական համակարգին միջոցով:

Հայաստանը ձեռնպահ քուէարկած է բանաձեւի ընդունման, Վրաստանը եւ Թուրքիան` կողմ, Իրանը` դէմ, իսկ Ատրպէյճանը չէ մասնակցած քուէարկութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment