Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանցիներուն Պնդմամբ` «Ռուս Խաղաղապահները Չեն Ապահոված Հանքերուն Մէջ Վերահսկողութիւն Կատարելու Պայմաններ»

Ատրպէյճանցիներուն Պնդմամբ` «Ռուս Խաղաղապահները Չեն Ապահոված Հանքերուն Մէջ Վերահսկողութիւն Կատարելու Պայմաններ»

by MassisPost

Ատրպէյճանական կողմը կը պնդէ, որ «Ատրպէյճանի տարածքիին ժամանակաւորապէս տեղակայուած ռուս խաղաղապահներու զօրախումբը հանքերուն մէջ վերահսկողութեան պայմաններ չէ ապահոված»: Այդ մասին յայտնած է Լաչինի միջանցքին մէէջ բողոքի շարժումներուն մասնակից, «վերահսկողական խումբի» նախագահ Մասիմ Մամետովը:

«Տնտեսութեան, Բնապահպանութեան եւ Բնական Պաշարներու նախարարութիւններու, Գոյքի Կառավարման Հարցերով Պետական Ծառայութեան եւ AzerGold ընկերութեան ներկայացուցիչները ռուս խաղաղապահներու շտաբին մէջ հանդիպում ունեցած են», ըսած է Մամետով:

Ըստ անոր` ատրպէյճանցիները խօսած են «ղըզըլպուլաղի» (Գաշեն) եւ «Տեամիրլիի» (Տրմպոն) հանքերուն մէջ վերահսկողութիւն կատարելու անհրաժեշտութեան մասին:

«Դժբախտաբար, վերահսկողութեան համար վերստին չեն եղած անհրաժեշտ պայմաններ, եւ դրուած խնդիրը չենք կրցած լուծել», ըսած է Մասիմ Մամետով՝ Լաչինի միջանցքին մէջ հաւաքուած լրագրողներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment