Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հոլանտայի Խորհրդարանը Ձայներու Ճնշող Մեծամասնութեամբ Ընդունած Է Բանաձեւ Լաչինի Միջանցքի Արգելափակման Մասին

Հոլանտայի Խորհրդարանը Ձայներու Ճնշող Մեծամասնութեամբ Ընդունած Է Բանաձեւ Լաչինի Միջանցքի Արգելափակման Մասին

by MassisPost

Հոլանտայի խորհրդարանը ընդունած է Դեկտեմբեր 13-ին Քաղաքական Բարեփոխուած Կուսակցութիւն, Քրիստոնէական Միութիւն, Գիւղացի-Քաղաքացի Շարժում եւ Սոցիալիստական Կուսակցութիւնների Խմբակցութիւններուն կողմէ ներկայացուած միջնորդութիւնը, որ կը վերաբերի Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Հոլանտայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Դաշնութիւնը:

Միջնորդութեան մէջ կը նշուի, որ չնայած 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի պայմանաւորուածութիւններուն, Ատրպէյճանը փակած է Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին կապող Լաչինի միջանցքը եւ դադրեցուցած է Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ կազամատակարարումը: Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը նշուի, որ «ռուս խաղաղապահները չեն միջամտեր այդ տարածքին մէջ, ու որ այս իրավիճակը կը սպառնայ ստեղծել մարդասիրական առումով արտակարգ իրավիճակ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար»: Բացի անկէ, կառավարութեան կոչ կը կատարուի Եւրոպական Խորհուրդին յորդորելու համատեղ կոչով դիմել Ատրպէյճանին` դադրեցնելու թշնամական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ եւ բանալու միջանցքը:

Նիդերլանդների հայկական կազմակերպութիւնների դաշնութիւնը ողջունել է միջնորդութեան ընդունումը Նիդերլանդների խորհրդարանի կողմից:

«Մենք կ’ակնկալենք կառավարութեան արագ գործողութիւնները` վերջ դնելու Ալիեւի դաժան բռնապետութեան կողմէ ստեղծուած մարդասիրական աղէտին, մասնաւորապէս` ճանապարհի ապաշրջափակման եւ շրջափակումը չկրկնելու համար միջազգային երաշխիքներու ստեղծման, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան կողմէ Ստեփանակերտ օդային փոխադրումներ կազմակերպելու միջոցով», նշուած է Հոլանտայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Դաշնութեան մամուլի հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment