Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տարածաշրջանին Մէջ Իրավիճակը Կը Շարունակէ Լարուած Մնալ, Գլխաւոր Խնդիրը Լեռնային Ղարաբաղն Է. Փաշինեան

Տարածաշրջանին Մէջ Իրավիճակը Կը Շարունակէ Լարուած Մնալ, Գլխաւոր Խնդիրը Լեռնային Ղարաբաղն Է. Փաշինեան

by MassisPost

Տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ, գլխաւոր խնդիրը Լեռնային Ղարաբաղն է, Ռուսիոյ նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ յաւելելով, որ կ’ուզէ Քրեմլինի ղեկավարի հետ քննարկել ստեղծուած իրավիճակը: Խօսելով վերջին զարգացումներուն, մասնաւորապէս, Լաչինի միջանցքը փակելու ատրպէյճանական փորձերուն մասին` Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ դէպքերը կը ծաւալին ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ:

«Վստահ եմ` Դուք տեղեկացուած էք, որ վերջերս փակուել էր Լաչինի միջանցքը, եւ Լեռնային Ղարաբաղում շատ մեծ մտավախութիւններ կան այդ կապակցութեամբ: Ի հարկէ, մենք մշտապէս քննարկում ենք այդ հարցերը: Յոյսով եմ, որ այսօր մեզ կը յաջողուի քննարկել տարածաշրջանային անվտանգութեան բոլոր կարեւոր հարցերը», ըսած է ան:

Մէկ աբաթ առաջ քաղաքացիական հագուստով խումբ մը ատրպէյճանցիներ մօտ չորս ժամով փակած էին Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին, պաշտօնական Պաքուն յայտարարած էր, որ անոնք Բնապահպանութեան Նախարարութեան փորձագէտներ են, որոնք գործուղուած են Արցախ` «հետաքննելու եւ վերահսկելու այդտեղ օգտակար հանածոներու ապօրինի շահագործումն ու անոր բնապահպանական հետեւանքները»: Ընդ որում, Պաքուն շարունակ կը շեշտէ, որ ռուսական կողմը պէտք է իր մասնագէտներուն թոյլ տայ անարգել ելումուտ ընել, քանի որ Ղարաբաղը ատրպէյճանական տարածք է:

Միջադէպը հարթուած էր ռուս խաղաղապահներու, Արցախի իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններով, ատրպէյճանցիները հեռացած էին, միաժամանակ ընդգծած էին, որ դեռ պիտի վերադառնան:

Թէ այս առումով Նիկոլ Փաշինեանի մտահոգութիւններուն ինչպէս արձագանգած է Ռուսիոյ նախագահը, յստակ չէ: Կողմերէն որեւէ մէկը դռնփակ հանդիպման մասին մանրամասնութիւններ դեռ չէ հաղորդած: Մինչ այդ` ամիսներ առաջ, Հայաստանի վարչապետը կառավարութեան նիստին հրապարակաւ քննադատած էր ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը՝ պնդելով, որ անոնց ներկայութեամբ Ատրպէյճանը գրաւած է Խծաբերդը, Հին Թաղերն ու Փառուխը:

Քննադատութեան զուգահեռ Փաշինեան ընդունել էր, որ ռուս խաղաղապահները գործունէութեան մանտաթ չունին, անոնց գործողութիւններուն շրջանակը յստակ չէ` Պաքուն կը մերժէ ստորագրել փաստաթուղթը` ի տարբերութիւն Երեւանի:

«Մենք ակնկալում ենք, որ երկկողմ` հայ-ռուսական ձեւաչափով ստորագրուած այդ մանտաթը գործի իր ամբողջ ծաւալով», ըսած էր Փաշինեան՝ չյստակացնելով, թէ արդեօք այդ ակնկալիքները ընդունելի են նաեւ Ատրպէյճանի համար: Նոյն ելոյթին մէջ Փաշինեան նաեւ պնդած էր, որ այս հարցերը յուզած են հայկական կողմը 2020 Նոյեմբեր 9-էն, իր կառավարութիւնը ջանքեր գործադրած է լուծումներ գտնելու ուղղութեամբ, եւ յանձնարարած է կրկնապատկել ու եռապատկել այդ ջանքերը:

Փաշինեան ընդգծած էր, որ Հայաստանը պատրաստ է դիմելու միջազգային մեխանիզմներու եւ գործիքներու կիրառման, «եթէ Ատրպէյճանը շարունակէ խաղաղապահներու թողտուութեան ներքոյ ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս ահաբեկել ու սպաննել արցախահայութիւնը»: Ու թէեւ զինադադարի խախտման դէպքերը այդուհետեւ եւս շարունակուած են, սակայն անցած աւելի քան երեք ամսուան մէջ այդտեղ ոչ ռուս խաղաղապահներու մանտաթը յստակացուած է, ոչ ալ միջազգային մեխանիզմենրու:

Ռուսիոյ նախագահը, ի դէպ, հանդիպման բաց հատուածին մէջ ղարաբաղեան խնդիրին ընդհանրապէս չէ անդրադարձած:

Փութինը հարկ համարած է ի ցոյց դնել, թէ որքան կարեւոր է Ռուսիան Հայաստանի համար տնտեսական առումով, ինչպէս նաեւ յիշեցուցած է Նոյեմբերի վերջը Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿ գագաթաժողովը՝ յաւելելով. «Յոյսով եմ, որ կը համաձայնիք, որ մենք յաջողութեամբ կայացուցինք այդ գագաթաժողովը: Եւս մէկ անգամ կ’ուզեմ ուշադրութիւն հրաւիրել այն բանի վրայ, որ Ռուսիան կը շարունակէ մնալ առաջատար առեւտրատնտեսական գործընկեր. Հայաստանի ապրանքաշրջանառութեան աւելի քան 30 տոկոսը բաժին կ’իյնայ Ռուսիոյ, առաջատար ներդրողներէն մէկը, գուցէ նոյնիսկ հիմնական ներդրողը` ներդրումներու մօտ 40 տոկոսը: Այս տարուան առաջին տասը ամիսներուն ապրանքաշրջանառութեան աճը կը կազմէ 67 տոկոս: Սա շատ լուրջ, լաւ, դրական ցուցանիշ է»:

Նախապէս Ռուսիոյ նախագահին խօսնակը ըսած էր, որ Քրեմլինը պատրաստ է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդներուն միջեւ հանդիպում կազմակերպելու մինչեւ տարեվերջ ԱՊՀ ոչ-պաշտօնական գագաթաժողովին: Յայտնի է, որ այժմ նաեւ Եւրոմիութիւնը այդ ուղղութեամբ քայլեր կը ձեռնարկէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment