Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լաւրովի Անխոհեմ Յայտարարութիւնը

Լաւրովի Անխոհեմ Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Ելոյթ ունենալով Եւրոպական անվտանգութեան հարցերուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է որ, Ատրպէյճանը պատրաստ է Ղարաբաղի Հայերուն երաշխիքներ տրամադրել այն իրաւունքներու վերաբերեալ, որոնք ունին Ատրպէյճանի միւս քաղաքացիները: Մի քանի օր ետք նոյն միտքը հնչեցուց նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ջեյհուն Պայրամովը, Մոսկուայի մէջ Լաւրովի հետ իր ունեցած հանդիպումի ընթացքին:

Եթէ որոշ չափով հասկնալի է, որ Պայրամով կը պաշտպանէ իր երկրի շահերը, միւս կողմէ  սակայն տարակուսանք կը յառաջացնէ միջնորդ երկրի` Ռուսաստանի դիւանագիտութեան թիւ մէկ ներկայացուցիչի բերնէն նման երանգով խօսքերը:

Իր այս յայտարարութենէն ետք, միակ հարցը որ կ’ուղղուի Լաւրովին այն է թէ, ի՞նչ իրաւունքներ ունին Ատրպէյճանի քաղաքացիները, որմէ իբրեւ թէ պիտի օգտուին նաեւ Հայերը:

Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները իրենց տարեկան զեկոյցներուն մէջ կը մեղադրեն Ատրպէյճանը միջազգային ուխտերով նախատեսուած մարդկային իրաւունքները բռնաբարելու մէջ: Լրագրողներ Առանց Սահմաններու կազմակերպութիւնը մամուլի ազատութեան գծով Ատրպէյճանը կը դասէ180 երկիրներու մէջ 167-րդ դիրքի վրայ: Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղարութիւնը 2020-ի իր տեղեկագիրին մէջ կ՛ամբաստանէ Ատրպէյճանը մարդկային իրաւունքներու լայնամասշտաբ խախտումներու մէջ` ներառեալ անօրէն եւ կամայական սպանութիւններու:

Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն, անոնց տրուած իրաւունքները խիստ սահմանափակ են: Եւրոպական Խորհուրդին կողմէ հրապարակուած 2019 թուականի տեղեկագիրը կ՛արձնագրէ որ. փոքրամասնութիւններուն տրուած ազատութիւնները շատ փոքր են: Բացի նեղ մշակութային իրաւունքներէն փոքրամասնութիւն կազմող համայնքները իրաւունք չունին ազգային հրցերու մասին  բարձրաձայնել  եւ ոչ ալ իրենց լեզուներով հեռատեսիլի կամ ռատիոյի հաղորդումներ սփռել:

Այս շարքը տակաւին կարելի է երկարել, ներառելով նաեւ Ալիեւներու ընտանիքի անդամներուն պետութեան հաշւոյն դիզած գերհարուստութիւը, որոնք հաստատուած են մի քանի տարի առաջ մեծ աղմուկ հանած «Փանամայի ֆայլերով»:

Այս բոլորի ամփոփումը այն է որ Ատրպէյճանը բռնապետական պետութիւնն մըն է, որու քաղաքացիները գործնականօրէն չունին իրաւունքներ, որոնք կրնան տարածուիլ նաեւ Արցախահայութեան վրայ:

Տակաւին վերջերս Ռուսաստան առաջարկեց որ, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը ձգուի ապագային, իսկ Հայաստան համաձայն գտնուեցաւ այդ տեսակէտին հետ: Այս հանգրուանին Ռուսաստան իր խաղաղապահ զօրքերուն միջոցաւ պէտք է նախ ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութիւնը եւ Լաչինի միջանցքով ազատ կապը  Հայաստանի հետ: Իսկ նախարար Լաւրով այս իր վերջին յայտարարութեամբ կու գայ անտեսելու իր երկրի նախաձեռնութիւնը, առիթ տալով Պաքուին առաջ մղելու թեզ մը, որ բացարձակապէս անընդունելի է եւ վտանգաւոր Արցախահայութեան համար:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ

«ՄԱՍԻՍ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment