Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Տեղի Ունեցաւ «Մանկական Եւրոտեսիլ»ի Բացման Արարողութիւնը

Տեղի Ունեցաւ «Մանկական Եւրոտեսիլ»ի Բացման Արարողութիւնը

by MassisPost

Դեկտեմբեր 5-ին  Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցաւ «Մանկական Եւրոտեսիլ»ի բացման արարողութիւնը:

20-րդ «Մանկական Եւրոտեսիլ»ի բացման արարողութեան ժամանակ 16 մասնակիցները անցան կարմիր գորգի վրայով եւ մուտք գործեցին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահ, ուր վիճակահանութեամբ որոշուեցաւ մրցութային համարներու հերթականութիւնը:

Վիճակահանութենէն յետոյ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կառուցուած տօնական բեմի վրայ հանդիսատեսին ներկայացուեցաւ ամանորեայ հեքիաթային երաժշտախառն ներկայացում, որուն աւարտին «Մանկական Եւրոտեսիլ»ի 16 մասնակիցները վառեցին գլխաւոր տօնածառին լոյսերը: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան տարբեր տարիներուն «Մանկական Եւրոտեսիլ»ին յաղթած արուեստագէտները:

Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբեր 11-ին Կարեն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ պիտի կայանայ 20-րդ «Մանկական Եւրոտեսիլ»ը: Մասնակից երկիրներն են` Ալպանիա, Իրլանտա, Իտալիա, Սպանիա, Լեհաստան, Հայաստան, Հիւսիսային Մակեդոնիա, Ղազախստան, Մալթա, Հոլանտա, Փորթուկալ, Սերպիա,  Ուքրանիա, Միացեալ Թագաւորութիւն, Վրաստան, Ֆրանսա:

Այս տարուան խորհրդանիշը գունազարդ հոլն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment