Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայերը Կրցան Ամէն Ինչ Իրենց Ձեռքը Առնել, Չեմ Կրնար Հաւատալ Անոր․ Ատրպէյճանի Միլլի Մեճլիսի Պատգամաւորը Վրդոված Է

Հայերը Կրցան Ամէն Ինչ Իրենց Ձեռքը Առնել, Չեմ Կրնար Հաւատալ Անոր․ Ատրպէյճանի Միլլի Մեճլիսի Պատգամաւորը Վրդոված Է

by MassisPost

«Վերջին նստաշրջանին մենք մեր վերաբերմունքը արտայայտեցինք Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի ընդունած որոշման վերաբերեալ, կոշտ արձագանգեցինք քուէարկած 256 պատգամաւորներու ստորութեան: Բայց մենք մոռցած ենք խօսիլ մեր անգործութեան մասին», յայտարարած է Ատրպէյճանի Միլլի Մեճլիսի պատգամաւոր Ֆազիլ Մուսթաֆան:

«Այս ի՞նչ անգործութիւն է. խօսքը Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Գերմանիոյ եւ այլ երկիրներու մասին է: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ` խորհրդարանին մէջ 265 մարդ դէմ կը քուէարկէ Ատրպէյճանին, եւ ոեւէ մարդ չի պաշտպաներ Ատրպէյճանը: Մեր դիւանագիտական մարմինը այնտեղ կը գործէ արդէն 30 տարիէ: Իսկապէ՞ս այս դեսպանները չունին 1-2 ընկեր, 5-6 հոգի, որոնց հետ ծանօթացած են: Այսինքն` ամէն ինչ հայերու ազդեցութեան տա՞կ է: Փոքր ժողովուրդ, հայերը կրցա՞ն ամէն ինչ իրենց ձեռքը առնել: Չեմ կրնար հաւատալ անոր: Մեր խնդիրները կու գան անկէ, որ մենք չենք կրնար լուծել մեզ յուզող հարցերը: Շատ յաճախ այս ոլորտին որոշ մարդիկ յառաջխաղացում կը ստանան ոչ-պատշաճութեան պատճառով», նկատած է պատգամաւորը:

Ֆազիլ Մուսթաֆան նշած է նաեւ, որ պետական պիւտճէէն գումար կը յատկացուի Յունուար 20-ի «արիւնալի իրադարձութիւններու, Խոճալուի ցեղասպանութեան եւ Ատրպէյճանի մասին տեղեկատուութեան համար»:

«Ատրպէյճանի նախագահը իր ելոյթով, պահուածքով եւ քննարկումներով մեր երկիրը կը ներկայացնէ ամենաբարձր մակարդակով: Անհատներու կողմէ այդ ընելու կարիք չկայ: Որոշ երկիրներու մէջ գործող մեր դիւանագիտական մարմինը պէտք է կրնայ շփուիլ այդ երկիրներուն մէջ իրաւասու անձերու հետ, մարդոց հետ, որոնք կրնան ազդել հասարակական կարծիքին վրայ: Այնուամենայնիւ, շատերը չունին այս ունակութիւնը: Անոնք պարզապէս կը ծախսեն 5 տարին եւ կը վերադառնան: Ոչ ոք կը հարցնէ. ի՞նչ կ’ընես այնտեղ», նշած է Մուսթաֆան:

Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 30-ին Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը միաձայն ընդունեց Հայաստանին աջակցող եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment