Փաշինեանի կառավարութիւնը կը յաւակնի ստեղծել աշխարհի տասը արդիւնաւէտ Արտաքին հետախուզական ծառայութիւններէն մէկը: Նախագիծին հանրային քննարկումը աւարտած է: Կառավարութիւնը պէտք է հաստատէ, որմէ յետոյ խորհրդարանին մէջ պիտի քննարկուի:
Ազգային Ժողովի Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան Հարցերու Յանձնաժողովի փոխնախագահ Արմէն Խաչատրեանի կարծիքով` այն յառաջիկային իրենց յանձնաժողով պիտի հասնի:
«Եթէ մի ծառայութիւն շատ ենք կարեւում, մի գործընթաց, գործառոյթ շատ ենք կարեւորում, ի հարկէ, ճիշդը դա առանձնացնելն է եւ դրան առանձին կարգավիճակ տալը», ըսաւ Խաչատրեան:
Կառավարութեան հիմնաւորմամբ` այս կառոյցի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը ծագած է Ապրիլեան ու 44-օրեայ պատերազմներուն ընթացքին տեղեկատուութիւն ստանալու հետ կապուած խնդիրներու պատճառով:
Ըստ նախագիծին, տարածաշրջանին մէջ միայն Հայաստանն է, որ առայժմ չունի առանձին հետախուզական ծառայութիւն եւ նաեւ այս պատճառով խիստ անհրաժեշտ է կառոյցին ստեղծումը: Այն պիտի գործէ վարչապետին ենթակայութեան ներքոյ:
Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան մէջ այժմ գործող հետախուզական բաժանմունքը չի կրնար նոյն ծաւալով աշխատիլ: Արտաքին Հետախուզական Ծառայութիւնը կառավարման մեթոտներով ու գործառոյթներով պիտի տարբերուի գործողէն, կ’ըսէ իշխանական պատգամաւորը:
«Դա աքսիոմա է, որ եթէ մի ծառայութիւն կարեւորում ես կամ գործառոյթ եւ առանձնացնում ես, առանձին կարգավիճակ ես տալիս, նրա արդիւնաւէտութիւնն աւելանում է», նշեց Խաչատրեան: