Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Մտադրութիւն Ունի Փակել Լաչինի Միջանցքը. Ալէն Սիմոնեան

Ատրպէյճանը Մտադրութիւն Ունի Փակել Լաչինի Միջանցքը. Ալէն Սիմոնեան

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը Դեկտեմբեր 5-ին ելոյթ ունեցած է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան Խորհրդարանական Վեհաժողովի Խորհուրդի համատեղ նիստին եւ 15-րդ լիագումար նիստին:

Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ ԱԺ-էն, Ալէն Սիմոնեանը, մասնաւորապէս, ըսած է, որ վերջին տարիներուն աշխարհաքաղաքական հարթութեան մէջ կ’ուրուագծուին քաղաքական իրողութիւններ, որոնք յառաջիկային պիտի նախանշեն միջազգային յարաբերութիւններու համակարգին վերափոխումը, եւ այս ծիրին մէջ է, որ տարածաշրջանային անվտանգութեան կազմակերպութիւնները պէտք է աւելի մեծ աշխուժութիւն ցուցաբերեն:

«Աշխատանքներ են տարուել արտաքին քաղաքական համակարգման եւ փոխադարձ աջակցութեան խորացման ուղղութեամբ` ՀԱՊԿ անդամ պետութիւնների շահերին առնչուող միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցերի շուրջ համաձայնեցուած մօտեցումների մշակման համար», նշած է Ալէն Սիմոնեանը:

Անդրադառնալով կազմակերպութեան խորհրդարանական համագործակցութեան` ան նշած է, որ անհրաժեշտ է համակարգել օրէնսդրական աշխատանքը մոտելային որոշումներու ընդունման եւ հարցերու լայն շրջանակի վերաբերեալ առաջարկութիւններու մշակման միջոցով: Ալէն Սիմոնեան ընդգծած է, որ վերջին նիստէն ի վեր Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ ռազմաքաղաքական իրավիճակը աւելի վատացած է, տեղի կ’ունենան իրադարձութիւններ, որոնք կը խաթարեն կայունութիւնն ու տարածաշրջանային անվտանգութիւնը: Ան մանրամասնած է Սեպտեմբերին ՀՀ տարածք ներխուժած ատրպէյճանական զինուժի իրականացուցած ռազմական գործողութիւնները` յիշեցնելով, որ յարձակման նոր փուլին ատրպէյճանցիները բռնագրաւած են Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն որոշակի հատուածներ: Ան շեշտած է, որ պաշտօնական Պաքուի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը կը վկայէ Ատրպէյճանի հետագայ ծաւալապաշտական նկրտումներու մասին:

«Այս բարդ իրավիճակում Հայաստանի համար չափազանց կարեւոր էր ՀԱՊԿ-ում մեր գործընկերների ռազմական եւ քաղաքական աջակցութիւնը, եւ հայկական կողմը նախանշել է իր ակնկալիքները, դրանք են`

Կազմակերպութեան յստակ քաղաքական գնահատականը հայ-ատրպէյճանական սահմանին սեպտեմբերեան սրացման վերաբերեալ,

Ատրպէյճանի յարձակումից յետոյ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման ճանապարհային քարտէզի ընդունում», ըսած է ՀՀ ԱԺ նախագահը:

Ան ընդգծած է, որ այսօր երրորդ երկրի զինուած ուժերը կը գտնուին ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտիին մէջ, եւ չի գիտեր թէ ինչպէս կարելի է այդ բացատրել կամ ինչպէս կը տեսնեն գործընկերները այս իրավիճակին շարունակութիւնը, երբ գրեթէ ամէն օր Ատրպէյճանը կը խախտէ զինադադարը, որուն հետեւանքով հայեր կը զոհուին: ՀՀ խորհրդարանի ղեկավարը հաւաստիացուցած է, որ Հայաստանը երբեք ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու մասին յայտարարութիւն չէ ըրած, այլ ըսուած է, որ ՀԱՊԿ-ը կը լքէ տարածաշրջանը, որուն համար մտահոգուած են Հայաստանի մէջ: Ծաւալուն ելոյթով անդրադարձ եղած է Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի կարգաւորման:

«Այսօր մեր առջեւ խնդիր է դրուած պաշտպանել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեանը: Ատրպէյճանը սկսել է յայտարարել, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրն այլեւս գոյութիւն չունի, ինչպէս նաեւ գոյութիւն չունի Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնակչութիւն: Օրերս Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնն արդէն ռուս խաղաղապահներից էր պահանջել չօգտագործել Լեռնային Ղարաբաղ անուանումը եւ հայկական տեղանունները: Աւելին, մենք տեսնում ենք ատրպէյճանական կողմի մտադրութիւնը` փակել Լաչինի միջանցքը: Լաչինի միջանցքը Լեռնային Ղարաբաղի հայերի կենսապահովման համար մարդասիրական նշանակութեան միակ լիարժէք ճանապարհն է», շեշտած է Ալէն Սիմոնեան:

Եզրափակելով խօսքը` ԱԺ նախագահը նշած է, որ Հայաստանի ջանքերն ու իրականացուած քայլերը գործնականին մէջ կը հաստատեն Հայաստանի յանձնառութիւնը հակամարտութեան առնչուող բոլոր հարցերու խաղաղ կարգաւորման, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment