Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Կը Վերականգնէ Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները Հունգարիոյ Հետ

Հայաստան Կը Վերականգնէ Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները Հունգարիոյ Հետ

by MassisPost

Հայաստան կը վերականգնէ խզուած դիւանագիտական յարաբերութիւնները Հունգարիոյ հետ, կը յայտնէ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը` մանրամասնելով, որ այս պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած է երկու երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներուն միջեւ` Լեհաստանի մէջ ԵԱՀԿ Նախարարական Համաժողովի ծիրին մէջ ունեցած հանդիպման ընթացքին:

«Արարատ Միրզոյեանը եւ Փիթըր Սիյարթօն մտադրութիւն են յայտնել նոր էջ բացել հայ-հունգարական յարաբերութիւններում` հիմնուած փոխադարձ վստահութեան եւ միջազգային իրաւունքի նկատմամբ յարգանքի վրայ», կը յայտնէ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը:

Յարաբերութիւնները վերականգնելու պայմանաւորուածութենէն բացի Երեւանն ու Պուտափեշթը արդէն յաջորդ քայլին դիմած են, որոշած են նշանակել ոչ-բնակիչ դեսպաններ` ուսումնասիրելու յարաբերութիւններու զարգացման հնարաւորութիւնները առեւտուրի, մշակոյթի, կրթութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ, շուտով պիտի մեկնարկեն դիւանագիտական եւ վարչական ընթացակարգերը:

Հայաստանը Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզած էր 2012 թուականին, երբ այդ երկիրը Ատրպէյճանին արտայանձնեց 2004-ին Հունգարիոյ մէջ հայ լեյթենանթ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան համար դատապարտուած Ռամիլ Սաֆարովը, որ հայրենիք վերադառնալէ յետոյ յայտնուեցաւ ազատութեան մէջ: Հայաստանի այն ժամանակուայ նախագահ Սերժ Սարգսեանը սա անուանած էր աններելի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment