Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամուլսարի Դէմ Պայքարողներուն Վարկը Կասկածի Տակ

Ամուլսարի Դէմ Պայքարողներուն Վարկը Կասկածի Տակ

by MassisPost

Բնապահպանութիւնը ու միջավայրի պաշտպանութիւնը կարեւորագոյն մտահոգութիւններ են մարդկութեան համար: Անոնց նկատմամբ անտարբերութիւնը յառաջիկայ սերունդները կրնան զրկել երկիր մոլորակի վրայ առողջ ապրելու մադկային իրաւունքէն: Միջազգային ընտանիքը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ այս հարցին ու երկիրներ միլիոնաւոր տոլարներու յատկացումներ կը կատարեն՝ պայքարելու համար կլիմայի փոփոխութեան եւ միջավայրի կեղտոտումին դէմ:

Հայաստանի մէջ եւս կան հասարակական կազմակերպութիւններ եւ անհատներ, որոնք կը զբաղին  բնապահպանութեան ուղղուած հարցերով, հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելով այս կարեւոր հարցին վրայ:

2018-ի համաժողովրդական յեղափոխութենէն ետք, մեծ աղմուկ բարձրացաւ Ամուլսարի ոսկիի հանքին շուրջ եւ խումբ մը բնապահպաններ ամիսներ շարունակ փակ պահելով դէպի հանքավայր տանող ճանապարհը կարողացան ստիպել իշխանութիւններուն, որպէսզի ժամանակաւորապէս դադրեցնէ հանքի շահագործումը: Իսկ կառավարութիւնը մօտ 400 հազար տոլար յատկացում կատարեց, որպէսզի անկախ ուսումնասիրութիւն կատարուի՝ ճշդելու համար հանքի ազդեցութիւնը շրջակայ միջավայրին վրայ: Այդ ուսումնասիրութեան եզրակացութիւնը եղաւ այն, որ հանքի շահագործումով յառաջանալիք վտանգները նուազագոյնն են ու կառավարելի: Այդուհանդերձ, հանքը, որ կրնար հարիւրաւոր միլիոն տոլարներու եկամուտ ապահովել պետութեան, մնաց փակ ու այդպէս ալ կը շարունակուի մինչեւ օրս:

Վերջերս, «Փաստերու Ստուգման Հարթակը» հրապարակեց հետաքննութիւն մը, որմէ պարզ կը դառնայ, որ  Ամուլսարի դէմ բողոքողներու մէկ մասը անուղղակի կերպով գումարներ ստացած են Հայաստանի խոշորագոյն հանքարդիւնաբերողէն՝ Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային ընկերութենէն:

Ըստ ուսումնասիրութեան, ընկերութեան համասեփականատէր, Սիւնիքի նախկին մարզպետ, ներկայիս ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ԱԺ պատգամաւոր Վահէ Յակոբեան իր կնոջ ղեկավարած «Հանրային դիւանագիտութիւն» բարեգործական կազմակերպութեան կը կատարէր նուիրատուութիւններ, որ, իր հերթին, կը ֆինանսաւորէր այդ ակտիւիստները: Այսպիսով, պարզ կը դառնայ, որ  Ամուլսարի հանքին դէմ բարձրացած աղմուկը սարքուած էր մրցակից հանքավայրի մը կողմէ:

Օրին, «Մասիս» եւս հաւատք ընծայելով նոյն այդ «բնապահպաններուն» մեզի տրամադրած տեղեկութիւններուն, այս սիւնակով անդրադարձաւ Ամուլսարի հանքի հաւանական վտանգներուն ու արտայայտուեցաւ անոր շահագործման դէմ:

Ակտիւիստներէն ոմանք չժխտելով գումարներ ստանալու փաստ, լրագրողական կայքին յայտնած են որ, իրենք տեղեակ չեն եղած ստացած դրամներու իսկական աղբիւրի մասին: Ինչ որ ալ ըլլայ, անոնց արարքը մեծ հարուած կը հասցնէ Հայաստանի բնապահպանութեան շարժումին ընդհանրապէս, որ կարեւոր դեր ունի կատարելիք՝ հանրութեան ու կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնին պահելու համար այդ կարեւոր հարցը:

Այս բացայայտումէն ետք, ինչպէ՞ս պիտի շարժին Հայաստանի կառավարութիւնն ու հանքը շահագործող ընկերութիւնը առայժմ կը մնայ անորոշ:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment