Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Թրքական Սահմանի Բացման Նպատակով Տեխնիկական Հարցերու Քննարկումները Պիտի Շարունակուին. ԱԳՆ

Հայ-Թրքական Սահմանի Բացման Նպատակով Տեխնիկական Հարցերու Քննարկումները Պիտի Շարունակուին. ԱԳՆ

by MassisPost

Հայ-թրքական սահմանի բացման նպատակով տեխնիկական հարցերու քննարկումները պիտի շարունակուոն, կը յայտնեն Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութենէն` արձագանգելով «Ազատութեան» հարցին, թէ ի՞նչ արդիւնք տուած է երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու վերջին հանդիպումը: Գերատեսչութենէն, սակայն, չեն յստակացներ` երբ, ուրեւ ինչ ձեւաչափով կը նախատեսուի յաջորդ հանդիպումը:

«Պայմանաւորուածութիւնների կիրարկմանը վերաբերող տեխնիկական հարցեր են քննարկուել: Քննարկումները շարունակուելու են», ըսաւ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեան:

Հայ-թրքական տեխնիկական պատուիրակութիւնները այս ամսուան սկիզբը հանդիպած են: Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն նախօրէին թրքական լրատուամիջոցներէն մէկուն եթերով յայտնածէր, որ երկու երկիրներուն ներկայացուցիչները եղած են սահմանին երկու կողմը ու նոյնիսկ ճաշած են Հայաստանի տարածքին:

«Քննարկուած են այն աշխատանքները, որոնք պիտի իրականացուին սահմաններու բացման ժամանակ, կամուրջի վերանորոգման, սահմանի վերահսկման, անցակէտերուն հետ կապուած հարցեր: Այս առումով կրնանք ըսել, որ գործընթացին մէջ դրական տեղաշարժ կայ», ըսած է ան:

Երեւանի ու Անգարայի միջեւ կարգաւորման նոր գործընթացը մեկնարկած է 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ: Մինչ այժմ ամենամեծ ձեռքբերումը օդային հաղորդակցութեան վերականգնումն է, եւ համաձայնութիւնը` սահմանը բանալ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու առջեւ, օդային բեռնափոխադրումներ սկսիլ, սակայն այդ պայմանաւորուածութիւնը իրագործելու պայմանները դեռ չեն յստակացուած: Կողմերը չեն խօսիր նաեւ ժամկէտներու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment