Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուն Պատասխանած Է Խաղաղութեան Պայմանագրի Նախագիծին Շուրջ Երեւանի Ներկայացուցած Առաջարկներուն. Միրզոյեան

Պաքուն Պատասխանած Է Խաղաղութեան Պայմանագրի Նախագիծին Շուրջ Երեւանի Ներկայացուցած Առաջարկներուն. Միրզոյեան

by MassisPost

Պաշտօնական Պաքուն պատասխանած է խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին շուրջ Երեւանի ներկայացուցած առաջարկներուն: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին տեղեկացուցած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը` չմանրամասնելով, թէ արդեօք Ատրպէյճանը համաձայնա՞ծ, թէ՞ առարկած է Հայաստանի ներկայացուցած տարբերակին:

Պաշտօնական Երեւանը առայսօր չէ բացայայտած, թէ ինչ առաջարկներ ներկայացուցած է Պաքուին:

«Մենք Ատրպէյճանին ենք ներկայացրել մեր առաջարկները յարաբերութիւնների կարգաւորման կամ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի վերաբերեալ եւ նախօրէին ենք միայն ստացել նրանց պատասխանները: Այսպիսով` քննարկումները շարունակւում են: Մենք յոյս ունենք այս հարցում համաձայնութեան հասնել հնարաւորինս շուտ, եւ այս գործընթացում կարեւոր դերակատարութիւն կարող են ունենալ նաեւ մեր միջազգային գործընկերների միջնորդական ջանքերը», ըսած է Միրզոյեան:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահին յայտարարութեան, թէ Հայաստանի վարչապետը հրաժարած է մասնակցելէ յաջորդ ամիս Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած եռակողմ հանդիպման, Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը վերահաստատած է Երեւանի յանձնառութիւնը` մասնակցելու այդ հանդիպման:

«Փրակայում տեղի ունեցած քառակողմ հանդիպման ժամանակ պայմանաւորուածութիւն էր ձեռք բերուել յաջորդ հանդիպման վերաբերեալ: Մենք շարունակում ենք հաւատարիմ մնալ այս պայմանաւորուածութեանը եւ կրկին պատրաստակամութիւն ենք յայտնում ընդունելի ժամկէտներում կազմակերպել Հայաստանի վարչապետի, Ատրպէյճանի նախագահի, Ֆրանսայի նախագահի եւ Եւրոպական Խորհրդի նախագահի հանդիպումը: Կարծում ենք, որ Փրակայում այս ձեւաչափով տեղի ունեցած հանդիպումը բաւականին արդիւնաւէտ էր եւ կարեւոր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացի ծիրին մէջ: Հայկական կողմը, ինչպէս եւ նախկինում, շահագրգիռ է յարաբերութիւնների կարգաւորմամբ», ըսած է Արարատ Միրզոյեան:

Իլհամ Ալիեւ անցեալ Ուրբաթ յայտարարած էր, թէ հանդիպումը կը չեղարկուի, քանի որ վարչապետ Փաշինեանը համաձայն է հանդիպիլ միայն Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի մասնակցութեամբ: Ատրպէյճանի նախագահը պնդած էր, թէ դէմ է Ֆրանսայի նախագահի միջնորդութեան` այդ բացատրելով` «Փարիզի հակաատրպէյճանական դիրքորոշմամբ»:

Արձագանգելով պատմական քարտէզներու հիման վրայ սահմանազատման գործընթաց իրականացնելու Պաքուէն հնչող յայտարարութիւններուն, Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը ըսած էր, որ նման յայտարարութիւնները կը խախտեն Փրակայի եւ Սոչիի մէջ ստանձնած յանձնառութիւնը` երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման աշխատանքները իրականացնել` հիմք ընդունելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը եւ Ալմա-աթայի հռչակագիրը:

«Այդ յանձնառութեան շրջանակներում սահմանազատման աշխատանքները պէտք է իրականացուեն 1991 թուականի` ԽՍՀՄ փլուզման ամսաթուի դրութեամբ գոյութիւն ունեցած եւ իրաւական ուժ եւ նշանակութիւն ունեցած իրաւական ակտերի հիման վրայ», շեշտած է Միրզոյեան:

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը նշած է, որ չնայած տարբեր ուղղութիւններով ընթացող բանակցութիւններուն` Ատրպէյճանի կողմէ չեն դադրիր ռազմատենչ յայտարարութիւնները, հայկական կողմին ուղղուած անհիմն մեղադրանքները եւ ուժի գործադրման սպառնալիքները: Բացի այդ, ատրպէյճանական զինուած ուժերը կը շարունակեն գտնուիլ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ, պարբերաբար Ատրպէյճանի կողմէ տեղի կ’ունենան ռազմական սադրիչ գործողութիւններ:

«Այս փաստերի համադրումը ցոյց է տալիս, որ իրավիճակը շարունակում է չափազանց լարուած մնալ, եւ մեր միջազգային բոլոր գործընկերները պիտի յաւելեալ ջանքեր գործադրեն` զսպելու Ատրպէյճանի նկրտումները եւ պահպանելու Հարաւային Կովկասում առկայ փխրուն խաղաղութիւնը», ըսած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment