Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մինչեւ 2028 Թուական Կը Նախատեսուի Տիեզերք Արձակել Հայկական Եւս Երկու Արբանեակ

Մինչեւ 2028 Թուական Կը Նախատեսուի Տիեզերք Արձակել Հայկական Եւս Երկու Արբանեակ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Բարձր Արհեստագիտական Արդիւնաբերութեան Նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է գերատեսչութեան 2022 թուականի գործունէութեան հաշուետուութեան քննարկում:

Քննարկման սկիզբը Նիկոլ Փաշինեանը նշած է. «Նախարարութիւնների եւ գերատեսչութիւնների 2022 թուականի գործունէութեան արդիւնքներն ամփոփելու շրջանակում այսօր մենք Բարձր Արհեստագիտական Արդիւնաբերութեան Նախարարութիւնում ենք: Ճիշդ է, օրացուցային տարին  դեռ չի աւարտուել, բայց, ըստ էութեան, մենք այսօր կարող ենք ամփոփել արդիւնքները, որովհետեւ այն, ինչը պէտք է յառաջիկայ ամսուայ ընթացքում տեղի ունենայ, արդէն պէտք է ծրագրաւորուած եւ ընթացքի մէջ լինի»:

Բարձր Արհեստագիտական Արդիւնաբերութեան Նախարարութեան նախարար Ռոպերթ Խաչատրեանը նախ ամփոփ ներկայացուցած է նախարարութեան ընթացիկ ու յառաջիկայ ծրագիրները, ապա խօսքը փոխանցած է տարբեր ոլորտները համակարգող փոխնախարարներուն:

Այնուհետեւ անդրադարձ կատարուած է Համաշխարհային նորարարական ցուցիչով Հայաստանի վարկանիշին, արձանագրուած դրական եւ բացասական ցուցանիշներուն: Յաջորդիւ ներկայացուած է սթարթափներու զարգացման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն, մասնաւորապէս` «Գաղափարէն մինչեւ առեւտուր» ծրագրին, որուն շրջանակին մէջ լաւագոյն նախագիծեր ներկայացրած նորաստեղծ ընկերութիւններուն պետութեան կողմէ կը տրամադրուին դրամաշնորհներ, օժանդակութիւն կը ցուցաբերուի վերջիններուս հետագայ գործունէութեան ու շուկայ մուտք գործելուն: Վարչապետը կարեւորած է ծրագրի իրականացումը եւ պատասխանատուներուն յանձնարարած է վերջինիս արդիւնաւէտութեան բարձրացման նպատակով ձեռնարկել հետեւողական քայլեր` ընդգծելով պիւտճէի կատարողականի բարձր մակարդակի ապահովման, հանրութեան շրջանին մէջ ծրագրին վերաբերեալ աւելի լայն իրազեկում իրականացնելու եւ շահառուներու ցանկը ընդլայնելու անհրաժեշտութիւնը:

Նշուած է, որ յաջողութեամբ ընթացքի մէջ է աշխատաշուկայէն նոր աշխատակիցներ ներգրաւող ընկերութիւններուն աշխատավարձերու եկամտահարկի 50 տոկոսի վերադարձի ծրագիրը, որուն շրջանակին մէջ պետութեան կողմէ արդէն իսկ տրամադրուած է 2,8 միլիառ դրամ: Զեկուցուած է, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան շարք մը ընկերութիւններ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն-մասնաւոր հատուած ծրագրի միջոցով ընթացիկ տարուան մէջ ներգրաւուած են միջին եւ բարձր որակաւորում ունեցող աւելի քան 700 աշխատակիցներ: Ծրագրի պիւտճէն այս տարի կազմած է 231 միլիոն դրամ, իսկ 2023-ին այն պիտի հասնի 311 միլիոն դրամի:

Օժանդակութիւն ցուցաբերուած է հայկական ընկերութիւններու` միջազգային համագումարներու մասնակցութեան: Որպէս հետեւանք, ընթացիկ տարուան ընթացքին հայկական տարբեր ընկերութիւններ միջազգային գործընկերներու հետ ստորագրած են 320 միլիոն դրամի պայմանագրեր:

Վարչապետին զեկուցուած են տիեզերական ոլորտի զարգացման ուղղուած քայլերը: Ընդգծելով այս տարուան ընթացքին հայկական ռազմավարական առաջին արբանեակի տիեզերք արձակման փաստը` պատասխանատուները նշած են, որ մինչեւ 2028 թուականը Հայաստան կը նախատեսէ տիեզերք արձակել հայկական եւս երկու արբանեակ: Կը նախատեսուի 2023 թուականին Հայաստանի մէջ ստեղծել արբանեակի կառավարման կեդրոն եւ ընդունիչ կայան, որուն գլխաւոր գործառոյթներէն են արբանեակի կառավարումը, տիեզերալուսանկարներու ստացումը: Այդ նպատակով ընթացքի մէջ է մասնագէտների վերապատրաստման գործընթացը:

Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է այս ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացումը եւ շեշտած է, որ ոլորտի զարգացումը պիտի շարունակէ ըլլալ կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնին:

Ամփոփելով` վարչապետն ընդգծած է Հայաստանի մէջ բարձր արհեստագիտական ոլորտի, կապի, հեռահաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու  հետեւողական ու շարունակական զարգացման ուղղութեամբ կառավարութեան նպատակադրումը եւ նշած է ծրագիրներու արդիւնաւէտ իրականացման անհրաժեշտութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան յանձնարարած է պատասխանատուներուն` յառաջիկային ներկայացնել այս խորհրդակցութեան ընթացքին բարձրացուած խնդիրներու եւ հարցերու լուծման «ճանապարհային քարտէզ»` վերը նշուած ուղղութիւններով յառաջ շարժելու եւ զարգացում ապահովելու նպատակով:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment