Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հնդկաստանի Նախկին Դեսպանը Հայաստանի Հետ Զէնքի Համատեղ Արտադրութեան Հնարաւորութիւն Կը Տեսնէ

Հնդկաստանի Նախկին Դեսպանը Հայաստանի Հետ Զէնքի Համատեղ Արտադրութեան Հնարաւորութիւն Կը Տեսնէ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի նախկին դեսպան Ռինա Փանտէյ անդրադարձած է շրջանառուող լուրերուն, որ Հայաստանը Հնդկաստանէն զէնք եւ զինամթերք գնած է: Անդրադառնալով Հայաստանին զէնքի վաճառքի վերաբերեալ մամուլին մէջ տեղ գտած լուրերուն վերաբերեալ հարցին, Փանտէյ պատասխանեց.

«Բոլոր երկիրները պաշտպանական համաձայնագրեր ունեն: Եւ շատ լաւ է, որ մէկն ունինք այստեղ (Հայաստանի մէջ-Խմբ.): Եւ մենք կրնանք համագործակցիլ համատեղ (զէնքի-Խմբ.) արտադրութեան շուրջ նոյնպէս: Պաշտպանութեան ոլորտին մէջ դուք որոշակի փորձ ունիք, մենք եւս որոշակի ունինք, այսպիսով` մենք կրնանք կիսուիլ այդ փորձառութեամբ», ըսաւ Փանտէյ:

Ռազմական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցին ի պատասխան` Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի նախկին դեսպանը նշեց, որ լաւ պիտի ըլլայ նաեւ, որ հայ եւ հնդիկ զինուորականները համատեղ վարժանքներ անցընեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment