Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանը Պէտք Է Յիշէ` Ալիեւը Ստորագրած Է Եռակողմ Յայտարարութիւն, Ուր «Լեռնային Ղարաբաղ» Անուանումը Յիշատակուած Է 5 Անգամ. Մարուքեան

Ատրպէյճանը Պէտք Է Յիշէ` Ալիեւը Ստորագրած Է Եռակողմ Յայտարարութիւն, Ուր «Լեռնային Ղարաբաղ» Անուանումը Յիշատակուած Է 5 Անգամ. Մարուքեան

by MassisPost

Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեան անդրադարձած է Ատրպէյճանի` ռուս խաղաղապահներուն ուղղուած պահանջին` չօգտագործել «Լեռնային Ղարաբաղ» անուանումը:

Մարուքեան Թուիթըրի իր էջով գրած է. «Ատրպէյճանի ՊՆ-ն Լեռնային Ղարաբաղում ռուս խաղաղապահներից պահանջում է չօգտագործել «Լեռնային Ղարաբաղ» անուանումը: Ատրպէյճանը պէտք է յիշի, որ 2 տարի առաջ նախագահ Ալիեւը ստորագրել է հրադադարի եռակողմ համաձայնութիւն, որտեղ «Լեռնային Ղարաբաղը» յիշատակուած է 5 անգամ»:

Յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպանը յաւելած է, որ այդ Ռուսիոյ համար օրինական հիմք է  Լեռնային Ղարաբաղ անուանումը:

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը աւելի վաղ հաղորդագրութիւն տարածած էր, որով Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն կը պահանջէ չգործածել Լեռնային Ղարաբաղ անուանումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment