Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանը Արցախի Ուղղութեամբ Կիրառած Է «ՀԱՆ-17» Նռնականետ. Հայկական Կողմը Ունի Երկու Վիրաւոր

Ատրպէյճանը Արցախի Ուղղութեամբ Կիրառած Է «ՀԱՆ-17» Նռնականետ. Հայկական Կողմը Ունի Երկու Վիրաւոր

by MassisPost

Նոյեմբեր 28-ին Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերը արեւմտեան ուղղութեամբ խախտած է զինադադարը` կիրառելով հրաձգային զինատեսակներ եւ «ՀԱՆ-17» նռնականետ:

Ինչպէս տեղեկացուցին Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութեան Մամուլի Ծառայութենէն, հակառակորդին կողմէ զինադադարի խախտման հետեւանքով վիրաւորում ստացած են Պաշտպանութեան բանակի զինուորներ Հ. Ա.-ն եւ Մ. Վ.-ն:

Զինադադարի խախտման մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան:

Ժամը 18:00-ի դրութեամբ իրավիճակը շփման գիծին վրայ յարաբերականօրէն կայունացած էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment