Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՊԿ-ը Հայաստանին Օգնութեան Միջոցառումներ Առաջարկած Է, Այդ Շարքին` Առաքելութեան Ուղարկում Ատրպէյճանի Հետ Սահման. Զաս

ՀԱՊԿ-ը Հայաստանին Օգնութեան Միջոցառումներ Առաջարկած Է, Այդ Շարքին` Առաքելութեան Ուղարկում Ատրպէյճանի Հետ Սահման. Զաս

by MassisPost

ՀԱՊԿ-ը առաջարկած է Հայաստանին օգնութեան միջոցառումնու ամբողջ համալիր մը, այդ շարքին` առաքելութեան ուղարկում Ատրպէյճանի հետ սահման` իրավիճակը գնահատելու համար: Այս մասին յայտնած է կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը:

«Իրավիճակը հեշտ չէ, առաջին հերթին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին: Այնտեղ գրեթէ ամէն օր փոխհրաձգութիւններ կ’ըլլան: Ընդհանուր առմամբ, միջոցառումներու այն համալիրը, որ ՀԱՊԿ-ը կ’առաջարկէ որպէս օգնութիւն Հայաստանին, իսկ միջոցառումները տարբեր են` ե՛ւ քաղաքական-դիւանագիտական, ե՛ւ ռազմական, այդ շարքին` առաքելութեան ուղարկում սահման, ուր այն իրատեսօրէն պիտի գնահատէ իրավիճակը, ընդհանուր առմամբ աջակցութիւն ստացած է բոլոր պետութիւններէն», ըսած է Զաս պելառուսական «ОНТ» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին մէջ:

Անոր խօսքով` «միակ բանը, որուն չեն յաջողած հասնիլ (ՀԱՊԿ երկիրներու ղեկավարները – Խմբ.), այնտեղ ստեղծուած իրավիճակի համախմբուած գնահատումն է»:

Զաս նշած է, որ ՀԱՊԿ-ի երեւանեան գագաթաժողովին յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է իրավիճակին, որ կը ձեւաւորուի ինչպէս համաշխարհային հարթութեան մէջ, այնպէս ալ ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ հաւաքական անվտանգութեան բոլոր երեք տարածաշրջաններուն` Արեւելեան Եւրոպայի, Կովկասում եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ:

Անցեալ շաբաթ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի հերթական նիստին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մերժած էր ստորագրել ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի հռչակագրին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օժանդակութիւն ցուցաբերելու համատեղ միջոցառումներու մասին փաստաթուղթերը:

Զաս յայտարարած էր, որ Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելու մասին որոշման նախագիծը «բարձր պատրաստուածութիւն» ունի: Անոր խօսքով, ընդհանուր առմամբ, համաձայնեցուած է Հայաստանին օգնութիւն ցուցաբերելու միջոցառումներու համալիրը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին լարուածութեան հետ կապուած իրավիճակին մէջ, փաստաթուղթը ընդհանուր առմամբ կը համարուի պատրաստ, սակայն շարք մը կէտերու հետ կապուած լրամշակումներու կարիք կայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment