Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Եթէ Ատրպէյճանը Սադրանքներու Դիմէ Լաչինի Միջանցքին Ուղղութեամբ, Ապա Այդ Պիտի Ըլլայ Սադրանք Նաեւ Ռուսիոյ Նկատմամբ. Բաբայեան

Եթէ Ատրպէյճանը Սադրանքներու Դիմէ Լաչինի Միջանցքին Ուղղութեամբ, Ապա Այդ Պիտի Ըլլայ Սադրանք Նաեւ Ռուսիոյ Նկատմամբ. Բաբայեան

by MassisPost

Եթէ Ատրպէյճանը սադրանքներու դիմէ Լաչինի միջանցքին ուղղութեամբ, ապա այդ պիտի ըլլայ սադրանք ոչ միայն Արցախի, այլեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նկատմամբ, «Ազատութեան» հետ զրոյցին նշեց Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Բաբայեան` յոյս յայտնելով, որ միջանցքին տեղակայուած ռուս խաղաղապահները անհրաժեշտութեան պարագային ժամանակին կը միջամտեն:

«Լաչինի միջանցքը, փաստօրէն, միակ ճանապարհն է, միակ միջանցքն է, որը կապում է Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին: Այն չափազանց խոցելի է, որովհետեւ անցնում է նաեւ Շուշիի մօտով, որտեղ կանգնած է ատրպէյճանական զինուժը: Եւ բնական է, որ կարող են տարբեր սադրանքների դիմել, բայց սա արդէն կը լինի ոչ միայն մեր նկատմամբ սադրանք, սա կը լինի սադրանք Ռուսաստանի Դաշնութեան, ռուս խաղաղապահների նկատմամբ, հետեւաբար պէտք է պատրաստ լինենք ամէն ինչի, բայց ճիշդ աշխատենք, որպէսզի չէզոքացնենք այդ վտանգները», ըսաւ Բաբայեան:

«Ազատութեան» հարցին` «կարծում էք ռուս խաղաղապահները անմիջապէս կարձագանգե՞ն, այսինքն, չե՞նք ունենայ նախորդ դէպքերի կրկնութիւնը, կը կարողանա՞ն ճիշդ ժամանակին արձագանգել», Արցախի արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնակատարը պատասխանեց. «Յոյսով եմ, համոզուած եմ, որ անպայման պէտք է արձագանգեն, ի հարկէ, որովհետեւ սա, փաստօրէն, լինելու է պատերազմի քայլ, կոտորածի, ցեղասպանութեան ուղղուած քայլ, ո՞նց կարող է չարձագանգեն»:

Վերջինի օրերուն զինադադարը խախտելու վերաբերեալ փոխադարձ մեղադրանքներու լոյսին տակ կը քննարկուի Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող ճանապարհի` Լաչինի միջանցքի փակելու հնարաւորութեան հարցը: Արձագանգելով միջանցքով զէնքի փոխադրման մասին Պաքուի մեղադրանքներուն` Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեան օրերս ըսած էր, որ Ատրպէյճանը այդ կերպ կը փորձէ հիմքեր ստեղծել Լաչինի միջանցքին նկատմամբ վերահսկողութիւն սահմանելու համար:

Միջանցքը փակելու, Ղարաբաղի հայութիւնը շրջափակելու եւ զայն ցեղասպանութեան ենթարկելու հիմքեր ստեղծելու Ատրպէյճանի մտադրութեան մասին աւելի վաղ Նիկոլ Փաշինեանը խօսած էր: Հայաստանի վարչապետը նաեւ անցեալ շաբաթ ՀԱՊԿ գագաթաժողովին յայտարարեց, որ չնայած Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան, մինչ օրս Լաչինի միջանցքը ամբողջութեամբ չի գտնուիր ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի վերահսկողութեան ներքոյ, եւ ատրպէյճանական բանակը քանի մը դիրքեր կը պահպանէ միջանցքին մէջ:

Դաւիթ Բաբայեանը կ’ըսէ, որ Արցախի մէջ շատ կ’ուզէին, որ ռուս խաղաղապահներուն թիւը աւելնար, բայց եթէ հնարաւոր չըլլայ մարդկային միջոցները աւելցնել, ապա գոնէ տեխնիկական միջոցներով կարելի է անվտանգութիւնը զօրացնել:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment