Պետական Պահպանութեան Ծառայութիւնը Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութենէն պիտի անցնի վարչապետ Փաշինեանի ուղիղ ենթակայութեան տակ․ կառավարութեան նիստին հաստատուեցաւ նախագիծը:
Պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ կարեւորագոյն կառոյցներու պաշտպանութիւնը վարչապետի ղեկավարման ներքոյ տեղափոխելը, ըստ Փաշինեանի բացատրութեան, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան ծանրաբեռնուածութիւնը թեթեւցնելու նպատակով է:
«Շատ կարեւոր բարեփոխում եմ համարում, այո՛, Պետական Պահպանութեան Ծառայութիւնը դառնում է վարչապետին ենթակայ մարմին: Եկել ենք եզրակացութեան, որ արժի այսպիսի փոփոխութիւն անել, այդ թւում` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեանն իր բուն գործառոյթների վրայ կեդրոնացնելու հնարաւորութիւն տալով», ըսաւ Գործադիրի ղեկավարը:
Այս նախագիծը աւելի ուշ պիտի քննարկուի խորհրդարանին մէջ եւ միայն այստեղ ընդունուելէ յետոյ ուժի մէջ պիտի մտնէ: