Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Չյայտարարուած Պոյքոթ` «Հայաստան» Հիմնադրամին

Չյայտարարուած Պոյքոթ` «Հայաստան» Հիմնադրամին

by MassisPost

Նոյեմբեր 24-ին, Ամերիկայի Գոհաբանութեան օրը տեղի կ’ունենայ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան թելեթոն-դրամահաւաքը, որուն ընթացքին աշխարհացրիւ Հայութիւնը դարձեալ կը համախմբուի սատար կանգնելու եւ մարդասիրական օգնութեամբ իր զօրակցութիւնը յայտնելու Արցախի իր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք դժուարին պայմաններու տակ կառչած կը մնան իրենց հողին ու հայրենիքին:

Այս օրերուն Հիմնադրամը կը բոլորէ իր գոյութեան 30-ամեակը, որ կը նշանաւորէ նաեւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան տարեդարձը: Իր գոյութեան   ամբողջ ընթացքին ան եղած է այն միակ կազմակերպութիւնը, որուն շուրջ համախմբուած է  Հայ ժողովուրդը` տարածուած աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ: Մեծ եղած է Հիմնադրամի ներդրումը Արցախի ու նաեւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ենթակառուցուածքներու նորոգման, բնակարանաշինութեան, առողջապահութեան, ընկերային ծառայութիւններու մատակարարման եւ այլ բնագաւառներու մէջ` անկախ անոր հասցէին երբեմնևերբեմն քաղաքական նկատարումներով հնչող քննադատութիւններուն:

Վերջերս յայտնի դարձաւ որ, թելեթոնին առթիւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. մերժած է իր հայրական պատգամը յղել` Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն: Նոյնը ըրած է նաեւ Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Առաջինը: Երկու հայրապետներուն նմանատիպ այս պահուածքը պատահականութեան արդիւնք չի կրնար ըլլայ եւ ժողովուրդին մօտ կայ այն համոզմունքը, որ նման վերաբերմունքը համազօր է Հիմնադրամի հանգանակային  արշաւը պոյքոթելուն` մեկնած քաղաքական նկատարումներէ:

Բոլորիս ծանօթ է երկու վեհափառներուն կեցուածքը Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն նկատմամբ ու անոնք կը դասուին Վարչապետի հրաժարականը պահանջող փոքրամասնութիւն կազմողներու շարքին: Սակայն, իրենց նմանատիպ քայլով անոնք ոչ թէ կը հարուածեն գործող իշխանութիւններուն, այլ առաջին հերթին Արցախի ժողովուրդին, որուն ճակատագրով մտահոգուած կը ներկայանան ու ամէն օր կը քարոզեն սեր եւ միասնականութիւն: Այս ան պարագաներէն մէկն է, երբ խօսքն ու գործը չեն համընկնին զիրար եւ այդ մասին առաջինը պէտք է իմանան վեհափառները իրենք:

Միւս կողմէ, ի՞նչ կ’ընեն «Արցախը ծախած» իշխանութիւնները: Կառավարութիւնը 2022 թուականին Արցախի Հանրապետութեան յատկացուց աւելի քան  300 միլիոն տոլար եւ նոյնքան նախատեսուած է 2023-ի պիւտճէով: Այս գումարներով է որ այսօր կանգուն կը մնան Արցախն ու Արցախահայութիւնը: Թելեթոնի ընթացքին հաւաքուած գումարները կու գան որոշ բացեր գոցելով բարելաւելու ժողովուրդի կենսավիճակը:

Չյայտարարուած այս պոյքոթը կրնայ ազդել կամ երբեք չազդել հանգանակուելիք  գումարներուն վրայ: Սակայն հարցը կը կայանան հոն, որ երկու հոգեւոր հայրերը կը զլանան բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերել Արցախահայութեան ու սահմանամերձ շրջաններու ժողովուրդին, որոնք կապրին թշնամիին  ամէնօրեայ կրակներուն տակ:

Մեր խնդրանքը կը մնայ այն, որ երկու վեհափառները հեռու մնան քաղաքականութենէն` ձգելով որ, ժողովուրդը ինքը որոշէ թէ ո՞վ պէտք է դառնայ Հայաստանի վարչապետը:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment