Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ալիեւ. «Ատրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութիւնը Ժամանակի Պահանջ Է»

Ալիեւ. «Ատրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութիւնը Ժամանակի Պահանջ Է»

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ գումարուած Ասիական Քաղաքական Կուսակցութիւններու միջազգային համաժողովի մասնակիցներուն դիմած է ուղերձով, որուն մէջ անդրադարձած է հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման անհրաժեշտութեան:

«Պատմական փորձը կը վկայէ, որ հակամարտութիւնները չեն կրնար յաւերժ տեւել, Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ միջազգային իրաւունքի եւ արդարութեան հիմքի վրայ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատումը դարաշրջանի եւ ժամանակի պահանջ է», կ’ըսուի Ալիեւի «Խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն. կուսակցութիւններու դերը» թեմայով ուղերձին մէջ:

Ան նշած է, որ ներկայիս ժամանակաշրջանին մէջ, երբ «միջազգային յարաբերութիւններու համակարգին մէջ լուրջ ցնցումներու պայմաններուն մէջ կը ձեւաւորուի նոր աշխարհակարգ, քաղաքական կուսակցութիւնները պէտք է վերանային իրենց դիրքորոշումները եւ տարբեր մակարդակներով իրադարձութիւններուն վրայ ազդելու հնարաւորութիւնները»:

«Այդ զգայուն եւ առաջնահերթ խնդիր է նաեւ Ատրպէյճանի համար, որ կատարած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի չորս բանաձեւերու պահանջները: Անոնք գրեթէ 30 տարի չեն կատարուած, Ատրպէյճանը երկրորդ ղարաբաղեան պատերազմին բերումով 2020 թուականին ազատագրած է իր գրաւուած տարածքները եւ վերջ դրած է ռազմական յարձակման, որմէ այդքան տարիներ տուժած է», յայտարարած է Ալիեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment