Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փրկուեցաւ` Ամերիկայի Ժողովրդավարութիւնը

Փրկուեցաւ` Ամերիկայի Ժողովրդավարութիւնը

by MassisPost

Նոյեմբեր 8-ին տեղի ունեցած նախագահական կիսաշրջանի ընտրութիւնները յաղթանակ բերին ոչ թէ այս կամ ալ թեկնածուին կամ կուսակցութեան, այլ Ամերիկայի ժողովրդավարութեան, որ վերջին վեց տարիներուն կը գտնուէր ճգնաժամի մէջ:

Սխալ դուրս եկան հարցախոյզերը, քաղաքական մեկնաբանները եւ ընտրական վերլուծաբանները, որոնք մեծ յաղթանակ կը նախատեսէին Հանրապետական կուսակցութեան ու անոր առաջնորդ` նախկին նախագահ Տանոլտ Թրամփի կողմէ յատուկ առաջադրուած թեկնածուներուն: Սակայն, արդիւնքները եկան ցոյց տալու որ, Ամերիկացի ժողովուրդը կարծուածէն աւելի գիտակից է եւ պատրաստ է իր անձնական շահը մէկդի դնելով քուէարկելու յանուն իր երկրի ապագային:

Շատեր կը կարծէին որ, նախագահ Պայտընի  ցած վարկանիշը, սպառողական ապրանքներու սղաճը ու պենզինի բարձր գիները մեծապէս պիտի ազդեն ընտրողներու տրամադրութիւններուն վրայ: Սակայն, արդիւնքները եկան հակառակը փաստելու եւ այս ընտրութիւններու ընթացքին ժողովուրդը նախընտրեց իր ձայնը տալ այն թեկնածուներուն, որոնք կը հաւատային Ամերիկեան ժողովրդականութեան եւ օրէնքներուն:

Նախատեսութիւնը այն էր որ, անխուսափելի էր Դեմոկրատներու պարտութիւնը, իսկ  ընդդիմադիր կուսակցութիւնը, այս պարագային Հանրապետականները կը կարծէին թէ, ոչ միայն պիտի տիրանան Ծերակոյտի մէջ մեծամասնութեան, այլ եւ Ներկայացուցիչներու Տան մէջ պիտի ապահովեն 30-60 աթոռի առաւելութիւն: Սակայն, Դեմոկրատները կարողացած պահել Ծերակոյտը եւ կայ հաւանականութիւն, որ անոնք կարողանան մէկ աթոռ եւս ապահովել Ճորճիա նահանգին մէջ Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք լրացուցիչ ընտրութիւններու աւարտին:

Ընտրութիւններէն մէկ շաբաթ անց, Ներկայացուցիչներու Տան ճակատագիրը տակաւին կը մնայ անորոշ, սակայն մեծ հաւանականութեամբ Հանրապետականները  հոն պիտի ունենան 3-4 աթոռի առաւելութիւն:

Հանրապետականներու այս ձախողութիւնը շատեր կը վերագրեն Տանոլտ Թրամփին, որ առաջ մղեց թեկնածուներ« որոնք հաւատարմութիւն կը յայտնէին իրեն եւ կը ժխտէին 2020-ի նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները:  Թրամփ   աշխատանք տարաւ նաեւ տիրանալու համար Նահանգային Քարտուղարներու պաշտօններուն, յատկապէս այն նահանգներուն մէ, որոնք վճռորոշ դեր ունեցան իր պարտութեան մէջ: Ան պաշտպանեց այնպիսի թեկնածուներ, որոնք այժմէն իսկ կը յայտարարէին թէ, պիտի մերժեն վաւերացնել 2024-ի նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները, եթէ անոնք ի նպաստ Թրամփին չըլլան: Բարեբախտաբար, այդ թեկնածուները բոլորն ալ ձախողեցան:

Այս ընտրութիւններու աւարտին Հանրապետականներուն մօտ սկսած է ձեւաւորուիլ այն տեսակէտը, թէ ժամանակը եկած է նոր էջ բանալու, քանի որ Թրամփի առաջնորդութեամբ իրենք կորսնցուցին երեք յաջորդական ընտրութիւններ` 2018-ին, 2020-ին եւ 2022-ին: Սակայն, Տանոլտ Թրամփ անտեսելով իր հասցէին հնչող մեղադրանքները դարձեալ առաջադրեց իր թեկնածութիւնը` 2024-ի նախագահական ընտրութիւններուն:

Թրամփի պաշտպանած սակայն պարտութիւն կրած թեկնածուներու շարքին էր նաեւ Փենսիլվանիա նահանգի Ծերակոյտի աթոռին ձգտող երկհպատակ Մեհմետ Օզը: Ան մինչեւ վերջ մերժեց հրաժարիլ իր թրքական հպատակութենէն, իսկ Ամերիկեան մամուլին կողմէ ան որակուեցաւ որպէս «Էրտողանի մարդը»:

Ինչ կը վերաբերի Հայկական Ցեղասպանութեան, ան մերժեց պատասխանել այս նիւթով իրեն ուղղուած բոլոր հարցերը` անուղղակի կերպով ժխտելով պատմական իրողութիւնը:

Ընտրութիւններու նախօրեակին նախագահ Ճօ Պայտըն պատգամ ուղղելով ժողովուրդին զգուշացուց« որ այս ընտրութիւններուն քուէաթերթիկի վրայ է նաեւ Ամերիկայի ժողովրդավարութիւնը:  Ընտրական գործընթացները կասկածի տակ առնող ու արդիւնքները ժխտող թեկնածուներու ընտրութիւնը մեծ հարուած պիտի հասցնէր երկրի հիմնաքար  սկզբունքներէն մէկուն: Սակայն, միլիոնաւոր  քաղաքացիներ ճիշդ ընտրութիւն կատարելով փրկեցին իրենց երկրի ժողովրդավարութիւնն ու ապագան:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment