Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Ամերիկացի Համանախագահ Ռիքըր Ալիեւին Կոչ Ըրած է Վերջ Տալու Բռնութեան

ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Ամերիկացի Համանախագահ Ռիքըր Ալիեւին Կոչ Ըրած է Վերջ Տալու Բռնութեան

by MassisPost

ԱՄՆ պետական քարտուղարի` Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահ Ֆիլիփ Ռիքըր անդրադարձած է Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ իրականացուած յարձակման,  անկէ յետոյ երկու երկիրներուն միջեւ ընթացող  բանակցութիւններու հեռանկարներուն: Ռիքըր թեմային անդրադարձած է ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովին մէջ տեղի ունեցած քննարկման ընթացքին:

«Ես տարածաշրջանին մէջ էի Սեպտեմբեր 13-14-ին տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններուն ժամանակ եւ հանդիպեցայ նախագահ Ալիեւի հետ, որպէսզի կոչ ընեմ դադրեցնելու բռնութիւնը: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ իմ հանդիպումները կը զուգորդուէին երկու երկիրներու ղեկավարութիւններու հանդիպումներուն պետական քարտուղար Պլինքընի, Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճեյք Սալիվանի, պետական քարտուղարի օգնական Տոնֆրիտի, ինչպէս նաեւ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մեր գործընկերներուն հետ:

Մինչեւ այս պահը մենք կը շարունակենք ջանքերը, եւ ԱՄՆ-ի, ԵՄ-ի եւ այլ գործընկերներ երկիրներու ջանքերը հիմքեր նախապատրաստեցին  Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ հանդիպումներիու շարքին համար` խաղաղութեան հետ կապուած հարցերը քննարկելու համարէ», ըսած է Ռիքըր:

Ան յաւելած է, որ չնայած վերջին ռազմական գործողութիւններուն, իրենց կ’ոգեշնչէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւններու մասնակցութեան կղռոյթը խաղաղ գործընթացին: «Ղեկավարները վերջին ամիսներու ընթացքին ԵՄ-ի միջնորդութեամբ քանի մը անգամ հանդիպած են բանակցութիւններու համար, վերջին անգամ` Հոկտեմբեր 6-ին, Փրակի մէջ: Փրակի հանդիպումը 2 նշանակալի արդիւնքի յանգեցուց, որոնք կրնան խաղաղութեան ճանապարհը շարունակելու հիմք ըլլալ: Խօսքը 1991 թուականի Ալմաթիի հռչակագիրը փոխադարձ ճանչնալու մասին է` որպէս հիմք սահմանի հարցերը քննարկելու համար, ինչպէս նաեւ ԵՄ դիտորդներ ուղարկելու որոշման մասին է», ըսած է Ռիքըր:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment