Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պլինքըն Ալիեւին Կոչ Ըրած Է Պահպանելու Զինադադարը Եւ Զերծ Մնալու Սադրանքներէն

Պլինքըն Ալիեւին Կոչ Ըրած Է Պահպանելու Զինադադարը Եւ Զերծ Մնալու Սադրանքներէն

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետին հետ հեռախօսազրոյցէն յետոյ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարը զրուցած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահին հետ:

Պետական քարտուղարութեան հաղորդմամբ` Էնթընի Պլինքըն Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկած է հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան քննարկումներու յաջորդ քայլերն ու արդիւնքները: Պետական քարտուղարը ընդգծած է Ուաշինկթընի աջակցութիւնը խաղաղութեան գործընթացին եւ կողմերուն կոչ ըրած է բանակցութիւններու նոր օր յստակացնել, ինչպէս պայմանաւորուած էին Ուաշինկթընի մէջ:

Էնթընի Պլինքըն նաեւ կոչ ըրած է Ալիեւին՝ պահպանելու զինադադարը եւ զերծ մնալու սադրանքներէն` Հայաստանի հետ խաղաղութեան ճանապարհին վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment