Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սուրէն Պապիկեան Չինաստանի Դեսպանին Հետ Քննարկած Է Համագործակցութեան Ընդլայնման Հնարաւորութիւնները

Սուրէն Պապիկեան Չինաստանի Դեսպանին Հետ Քննարկած Է Համագործակցութեան Ընդլայնման Հնարաւորութիւնները

by MassisPost

Նոյեմբեր 11-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ֆան Իւնը եւ Հայաստանի մէջ ՉԺՀ դեսպանութեան պաշտպանական հարցերով նորանշանակ ռազմական կցորդ, աւագ գնդապետ Ան Ցեանը:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը շնորհաւորած է Ան Ցեանը պաշտպանական հարցերով ռազմական կցորդի պաշտօնը ստանձնելու առոթիվ ու մաղթած է նորանոր յաջողութիւններ եւ արդիւնաշատ աշխատանք:

Հանդիպման ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը դեսպանին ներկայացուցած է ատրպէյճանական վերջին ռազմական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը:

Զրուցակիցները բարձր գնահատած են հայ-չինական երկկողմ յարաբերութիւնները:

Քննարկուած են պաշտպանական ոլորտին մէջ երկկողմ համագործակցութեան ընթացքը, զարգացման եւ ընդլայնման հնարաւորութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment