Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարար Արարատ Միրզոյեան Հանդիպած Է Ֆրանսացի Իր Գործընկեր Քաթրին Քոլոննայի Հետ

ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարար Արարատ Միրզոյեան Հանդիպած Է Ֆրանսացի Իր Գործընկեր Քաթրին Քոլոննայի Հետ

by MassisPost

Նոյեմբեր 11-ին Ֆրանսայի մէջ աշխատանքային այցով գտնուող ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Քաթրին Քոլոննայի հետ:

Արարատ Միրզոյեանն ու Քաթրին Քոլոննան գոհունակութեամբ արձանագրած են երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ ընդհանուր արժէքներուն վրայ հիմնուած հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը: Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ համագործակցութեան հարուստ օրակարգին վերաբերող հարցեր:

Արարատ Միրզոյեանը զրուցակիցին ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի մշակման հետ կապուած վերջին զարգացումները, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացի, տարածաշրջանի փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերեալ հայկական կողմի դիրքորոշումը: ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի առաւելապաշտական մօտեցումներն ու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը կը խաթարեն տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղուած ջանքերը:

Արարատ Միրզոյեան երախտագիտութիւն յայտնած է Քաթրին Քոլոննային Սեպտեմբեր 13-14 -ին ՀՀ ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ատրպէյճնական յարձակման հետեւանքներու վերացման առնչութեամբ ֆրանսական կողմի սկզբունքային դիրքորոշման համար: Միաժամանակ բարձր գնահատուած է Ֆրանսայի` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահ երկրի դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի յառաջմղման գործին մէջ:

Երկուստեք կարեւորուելած է Հոկտեմբեր 6-ին Փրակի մէջ տեղի ունեցած քառակողմ հանդիպման արդիւնքով ընդունուած յայտարարութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան եւ կարիքներու գնահատման ԵԱՀԿ առաքելութեան գործունէութեան վերաբերող հարցերու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment