Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հնդկական Bharat Forge-ի Դուստր Ձեռնարկութիւնը Հայաստանին Պիտի Վաճառէ 155 մմ Տրամաչափի Հրետանի` 155 Միլիոն Տոլարով

Հնդկական Bharat Forge-ի Դուստր Ձեռնարկութիւնը Հայաստանին Պիտի Վաճառէ 155 մմ Տրամաչափի Հրետանի` 155 Միլիոն Տոլարով

by MassisPost

Տեղական զէնքի համակարգերու արտահանման մէջ աննախադէպ յառաջընթաց արձանագրելով` Bharat Forge-ը յայտարարած է, որ Kalyani Strategic Systems-ին պատկանող դուստր ձեռնարկութիւնը «արտահանման պատուէր ստացած է 155 միլիմեթր (մմ) հրետանային միջոցներու համար»:

2022 թուականի Նոյեմբեր 9-ին Bharat Forge Limited ընկերութիւնը, որ կը գտնուի Փունայի մէջ, յայտարարած է, որ ստացած է 155 միլիոն տոլարի արտահանման պատուէր իր 155 մմ հրետանային միջոցներէն մէկուն համար: Զէնքի մատակարարումը պէտք է իրականացուի երեք տարուան ընթացքին: Ընկերութիւնը Պոմպէյի ֆոնտային պորսային տեղեկացուցած է զէնքի վաճառքի մասին եւ չնայած չէ նշած երկիրը, որ պատուիրած է զէնքը, այնուամենայնիւ յայտարարած է, որ այդ ոչ հակամարտային գօտի է, ինչ որ կը նշանակէ, որ երկիրը ներկայիս ներգրաւուած չէ որեւէ պատերազմի մէջ:

Այս մասին կը տեղեկացնէ հնդկական մամուլը, տեղեկատուութիւնը, որ, սակայն, ճշդուած չէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment