Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայաստանի 6 Ընկերութիւններու Արտադրանքը Պիտի Վաճառուի Ամերիկեան 2 Մեծ Խանութներու Մէջ

Հայաստանի 6 Ընկերութիւններու Արտադրանքը Պիտի Վաճառուի Ամերիկեան 2 Մեծ Խանութներու Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի 6 տնտեսվարողներու արտադրանքը պիտի վաճառուի ամերիկեան մեծագոյն TJ Maxx եւ HomeGoods խանութներուն մէջ: Այս մասին յայտնած է «Buy Armenian» համահիմնադիր Նշան Օտապաշեանը` խօսելով Դեկտեմբեր 10-ին եւ 11-ին Կլենտէլի Սիւիք Աուտիթորիումին մէջ կայանալիք աննախադէպ «Ամանորի Սպասումով» տօնավաճառի մասին:

Նշան Օտապաշեանը պատմած է, որ «Buy Armenian»-ի ջանքերով սկսած է համագործակցութիւն հայ արտադրողներու եւ ամերիկեան այս երկու խանութներուն միջեւ, իսկ յաջողութիւն արձանագրելու պարագային այդ համագործակցութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ:

Նշան Օտապաշեանը մանրամասնած է․ «Մեզի հարցուցին, թէ ի՞նչ ապրանքներ կարելի է  ներկայացնել ոչ-հայ յաճախորդներուն ու մենք պատրաստեցինք որակեալ ու գեղեցիկ արտադրանքի հայ արտադրողներու ցուցակ ամերիկեան երկու խանութներու` TJ Maxx եւ HomeGoods-ի համար: Ներկայացուցինք եւ արդէն իրենք առանձնացուցին այն ապրանքները, որոնք հետաքրքրական էր իրենց, այնուհետեւ մօտ 1 ամիս առաջ 10 թոն ապրանքի պատուէր տուին Հայաստանէն 6 փոքր ընկերութիւններու: Յատկանշական է, որ այս ապրանքները պիտի վաճառուին ոչ միայն Գալիֆորնիա նահանգին, այլ 7 տարբեր նահանգներ մէջ` Գալիֆորնիոյ, Արիզոնայի, Օհայոյի, Ինտիանայի, Ճորճիայի, Նիւ Ճըրզիի եւ Գոնեքթիքութիի մէջ: Պիտի վաճառուի մեղր, թէյ, խնձորի քացախ, մեղրի քացախ, տարբեր տեսակի չիրեր: Այս ամէնը պէտք է բաժնուի այս 7 նահանգներուն միջեւ, եւ եթէ այս ապրանքները շուտ վաճառուին, ապա ամէն ամիս այս քանակով կամ աւելի պատուէրներ պիտի ստացուին: Սա իսկապէս մեծ ձեռբերում է»:

Վերջինս նաեւ կոչ ըրած է ԱՄՆ-ի մէջ բնակող բոլոր հայրենակիցներուն գտնելու այս ապրանքները եւ գնելու զանոնք, քանի որ այդպիսով զարգացման մեծ հնարաւորութիւն կը ստեղծուի Հայաստանի մէջ գործող այս տնտեսվարողներու, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի տնտեսութեան համար:

«Ամանորի Սպասումով» տօնավաճառը եւս մեծապէս պիտի նպաստէ հայ արտադրողներու նոր շուկայ մտնելուն ու տնտեսութեան աճին: Արդէն յայտնի է, որ շուրջ 10 արտադրողներ Հայաստանէն ներկայ պիտի գտնուին Դեկտեմբեր 10-ին եւ 11-ին Կլենտէլի Սիւիք Աուտիթորիումի մէջ կայանալիք ցուցահանդէս վաճառքին, որուն կազմակերպիչներն են «Buy Armenian» ընկերութիւնը եւ «Standing Our Families» հիմնադրամը: Հալէպ, Արցախ կարպետ, Կեռաս, Մանէթայլս, Անտառամ թէյեր, Միսմա, Արարատ պոքս, Սուհօ միրգեր, Չրենի, Armenia Cheer & chocolates ընկերութիւններու ներկայացուցիչները ամենայն հաւանականութեամբ ներկայ պիտի գտնուին այս ջերմ հայկական միջոցառման եւ պիտի շփուին ամերիկաբնակ մեր հայրենակիցներուն հետ:

Ցուցահանդէս վաճառքին մասնակցելու համար տաղաւար վարձակալելու հնարաւորութիւն պիտի ունենան ընդամէնը 80 ընկերութիւն: Այսպիսով, «Ամանորի Սպասումով» տօնավաճառի տաղաւարներու ամրագրման համար անհրաժեշտ է զանգահարել 866 207 1466 հեռախօսահամարին կամ գրել [email protected] ելեկտրոնային հասցէին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment