Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ֆրանսայի Հրապարակին Վրայ Տեղի Ունեցաւ Ընդդիմութեան Հանրահաւաքը

Ֆրանսայի Հրապարակին Վրայ Տեղի Ունեցաւ Ընդդիմութեան Հանրահաւաքը

by MassisPost

Երկամսեայ դադարէ յետոյ ընդդիմութիւնը  Ֆրանսայի հրապարակին վրայ կրկին հանրահաւաք հրաւիրած էր, զայն վերնագրելով` «Համազգային հանրահաւաք` ի աջակցութիւն Արցախի»:

Նախորդ Կիրակի ալ Ստեփանակերտի մէջ հանրահաւաք տեղի ունեցած էր: Արցախի իշխանութիւններն ու հաւաքին մասնակիցները Հայաստանի իշխանութիւններուն պահանջ ներկայացուցած էին ապահովել Արցախի անվտանգութիւնը ու չստորագրել որեւէ փաստաթուղթ, ըստ որուն՝ Արցախը կ’անցնի Ատրպէյճանի կազմ:

Ֆրանսայի հրապարակին վրայ եւս նման յայտարարութիւններ կը հնչէին: Ընդդիմութեան առաջնորդ Իշխան Սաղաթէլեան կրկնեց, որ Հայաստանը պարտաւոր է երաշխաւորել Արցախի անվտանգութիւնը:

Այնուհետեւ հանրահաւաքին մասնակիցները Ֆրանսայի հրապարակից երթով շարժեցան Կառավարութեան շէնք, այնտեղ սպիտակ թուղթեր վեր պարզեցն, որոնց վրայ չակերտներու մէջ գրուած էր` «խաղաղութեան պայմանագիր» եւ չակերտներէն դուրս` անձնատուութիւն: Այդ թուղթերը կառավարութեան շէնքին առջեւ այրեցին՝ ըսելով, որ եթէ որեւէ այսպիսի փաստաթուղթ ստորագրուի, ապա սա պիտի ըլլայ իրենց պատասխանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment