Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամերիկայի Կիսաշրջանի Ընտրութիւններու Կարեւորութիւնը

Ամերիկայի Կիսաշրջանի Ընտրութիւններու Կարեւորութիւնը

by MassisPost

Յառաջիկայ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9-ին պիտի կայանան նախագահական կիսաշրջանի ընտրութիւնները: Գլխաւոր ընտրապայքարը կ՛ընթանայ Գոնկրէսի երկու պալատներուն՝ Ներկայացուցիչներու Տան եւ Ծերակոյտի մեծամասնութեան տիրանալու համար:

Ներկայիս, Ներկայացուցիչներու Տունը չնչին առաւելութեամբ կը գտնուի Դեմոկրատներուն ձեռքը, Իսկ Ծերակոյտէն ներս աթոռները բաժնուած են 50-50: Այս պարագային փոխնախագահը  ձայնը կը դառնայ որոշիչ եւ այդպիսով դեմոկրատները կը նկատուին մեծամասնութիւն:

Պատմականօրէն կիսաշրջանի ընտրութիւններուն նախագահի կուսակցութիւնը միշտ ալ աթոռներ կորսնցուցած է: Հարցախոյզերու համաձայն հանրապետականները պիտի կարողանան շարունակել պահպանել այդ աւանդոյթը՝ տիրանալով Ներկայացուցիչներու Տան մեծամասնութեան: Հարցականի տակ են  Ծերակոյի ընտրութիւնները, որոնք կրնան թեքիլ մէկ կողմը կամ միւսը: Մի քանի ամիս առաջ կը կարծուէր թէ, դեմոկրատները պիտի կարողանան պահել  Ծերակոյտի մեծամասնութիւնը, յատկապէս երբ երկրի Գերագոյն Դատարանը վիժումի հացով շրջեց իը նախկին որոշումը, այդ իրաւունքը  վերապահելով իւրաքանչիւր նահանգի հայեցողութեան: Այդ որոշումը բաւական մեծ դժգոհութիւն յառաջացուց յատկապէս կանանց մօտ, որոնք տեսան թէ ինչպէս իրենցմէ կը խլուի այս զգայուն հարցին շուրջ  որոշում կայացնելու իրաւունքը:

Հանրապետականները ամբողջապէս դէմ են վիժումին, իսկ դեմոկրատները աւելի ազատական են այդ հարցով:  Գերագոյն Դատարանի որոշումէն ետք հարցախոյզերը սկսան թեքիլ  դէպի այս վերջիններու կողմը եւ կը կարծուէր թէ անոնք պիտի կարողանան պահել առնուազն Ծերակոյտի մեծամասնութիւնը: Սակայն, վերջին ամիսներուն արձանագրուող սպառողական ապրանքներու սղաճը եւ պենզինի գիներու բարձրացումը մեծապէս ազդեցին քուէարկողներու տրամադրութիւններուն վրայ եւ քանի որ Ամերիկայի ժողովուրդի մեծամասնութիւնը սովոր է քուէարկել իր գրպանին համաձայն, կը կարծուի որ, հանրապետականները պիտի կարողանան օգտուիլ այդ տրամադրութիւններէն:

Նախագահ Ճօ Պայտընի ցած վարկանիշը եւս արդիւնք է տնտեսութեան նկատմամբ յառաջացած դժգոհութեան, հակառակ որ ան երկու տարուայ  ընթացքին ստեղծած է աւելի քան 10 միլիոն նոր աշխատատեղ՝ անգործութեան մակարդակը հասցնելով 3.5 տոկոսի, կարելի չեղաւ յաղթահարել տնտեսութեան նկատմամբ ժողովուրդի յոռետեսութիւնը:

Երեքշաբթի օր, եթէ հարցախոյզերը  ճիշդ դուրս քան եւ հանրապետականները տիրանան մեծամասնութեան, իշխանութիւնը պիտի բաժնուի երկու մասի:  Գործադիր պիտի շարունակէ ղեկավարուիլ Դեմոկրատ նախագահով, իսկ օրէնսդիրը Հանրապետական Կուսակցութեան կողմէ: Նման պարագաներուն նոր օրինագիծերու հաստատումը կը դառնայ խիստ դժուար, նկատի առնելով որ նախագահը իրաւունք ունի վեթոյի ենթարկելու հանրապետականներով ղեկավարուող օրէնսդիր մարմինի որոշումները: Իսկ հանրապետականներու տնտեսական ծրագիրներուն առանցքը կը կազմէ մեծհարուստներու վճարած հարկերու նուազեցումը, եւ կենսաթոշակներու (Social Security) ու առողջապահական խնամքի (Medicare) կրճատումները:

Հոս պէտք է յիշեցնել որ, գիներու բարձրացումը յատուկ չէ միայն Ամերիկայի համար: Ներկայիս այդ տագնապը ունի համաշխարհային բնոյթ եւ անմիջական հետեւանք  է Քորոնայի համաճարակին պատճառաւ  արտադրութիւններու կասեցումին,   եւ ապա  Ուքրանիոյ պատերազմի հետեւանքով միջազգային շուկայի վրայ քարիւղի  գիներու բարձրացումին:

Այս ընտրութիւններուն ճիշդ չէ կեդրոնանալ միայն տնտեսական հարցերուն վրայ: Կան շատ աւելի կարեւոր հարցեր, կապուած Ամերիկայի ժողովրդավարութեան գոյատեւման հետ: Հանրապետական կուսակցութեան մէջ կան մեծ թիւով թեկնածուներ, որոնք մինչեւ օրս կը մերժեն ընդունիլ նախագահական վերջին ընտրութիւններու արդիւնքները եւ կասկածի տակ կը դնեն գալիք ընտրութիւնները: Բազմաթիւ վայրերու մէջ նախկին նախագահի կողմնակիցները սպառնալիքներու կ՛ենթարկեն ընտրական տեղամասերու մէջ աշխատող կամաւորները եւ նոյնիսկ ընտրողները:

Կարեւոր է որ, իւրաքանչիւր Հայ քուէարկող  մասնակցի Նոյեմբեր 8-ի ընտրութիւններուն եւ իր ձայնը լսելի դարձնէ, միաժամանակ նկատի առնելով վերոյիշեալ բոլոր հարցերը, որոնք կրնան ազդել իրենց կեանքին ու իրենց զաւակներու ապագային վրայ:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment