Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ 2023-ի Պետական Պիւտճէով Արցախին 144 Միլիառ Դրամի Չափով Ֆինանսաւորում Պիտի Տրամադրուի

2023-ի Պետական Պիւտճէով Արցախին 144 Միլիառ Դրամի Չափով Ֆինանսաւորում Պիտի Տրամադրուի

by MassisPost

2023 թուականի պետական պիւտճէով կը նախատեսուի 144 միլիառ դրամի չափով ֆինանսաւորում տրամադրել Արցախին: Ազգային Ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին 2023 թուակաի պետական պիւտճէի մասին օրէնքի նախագիծի քննարկման ժամանակ այս մասին ըսաւ ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Խաչատրեանը:

Ան նշեց, որ 2022 թուականի համար եւս 144 միլիառ դրամ  նախատեսուած էր:

«Այսինքն` առանց փոփոխութեան եկող տարի նոյնչափ կը ֆինանսաւորուի», ըսաւ Խաչատրեան:

Ան յաւելեց, որ ընթացքին խնդիրներ ի յայտ գալու պարագային Հայաստանի կառավարութիւնը յաւելեալ պիտի քննարկէ եւ համապատասխան լուծումներ պիտի տայ անոնց, ինչի համար նախատեսուած է եւս 20 միլիառ դրամ: Որոշումը ընդունուած է ՀՀ կառավարութեան նախորդ նիստին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment