Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ, Հոկտեմբեր 30-ին, բազմահազարանոց հանրահաւաք տեղի ունեցաւ: Այն մեկնարկած էր Արցախի Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստին զուգահեռ: Արցախի ԱԺ նիստին ընդունուած է յայտարարութիւն, ուր նշուած է, որ Արցախը երբեք չէ եղած եւ պիտի չըլլայ անկախ Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Այս գաղափարը պէտք է ըլլայ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հիմքին: Բացի անկէ, շեշտուած է, թէ որեւէ փորձ` Արցախը բռնակցելու Ատրպէյճանին, պիտի հանդիսանայ միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտում եւ հայ ժողովուրդի նոր ցեղասպանութեան իրագործման պաշտօնական արտօնագիր, հետեւաբար` նման բովանդակութեամբ փաստաթուղթերը Արցախի Հանրապետութեան համար անընդունելի են: