Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Արժանավայել Շուքով Նշուեցաւ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Եկեղեցւոյ 75-Ամեակը

Արժանավայել Շուքով Նշուեցաւ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Եկեղեցւոյ 75-Ամեակը

by MassisPost

Շաբաթ Հոկտեմբերի 22-ը 2022 յիշատակելի անմոռաց օր մը եղաւ Փասատինայի եւ շրջա- կայքի հայութեան համար, քանի որ այդ օր պաշտօնական հանդիսութեամբ, տեղւոյն Հայաստան- եայց Առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծուխը կը նշէր իր հիմնադրութեան 75-ամեակը։

Հանդիսութեան վայրն էր եկեղեցւոյ յարակից Կիրակոս սրահը, որ այդ գիշեր տօնական շքեղ յարդարանքներով կը դիմաւորէր իր հիւրերը։ Ներկաներուն մէջ կը նշմարուէին օրուան հովանաւոր եւ թեմիս առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, թեմական խորհուրդի ատենապետ Տիար Տէրիք Ղուկասեան, Լոս Անճելոս գաւառի Հայց. Եկեղեցւոյ հովիւներ, տարբեր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ հիւրեր։

Օրուան հանդիսավարներ Յակոբ եւ Թամար Թութճեանները բարի գալուստի ջերմ խօսքերով ներկաները ողջունելէ ետք՝ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութիւն պահուեցաւ ի յարգանս Արցախի մեր քաջարի ազատամարտիկներուն։

Սեղաններու օրհնութենէն ետք բաժակաճառով մը հանդէս եկաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի փոխ-ատենապետ Վիգէն Քէճիճեան։ Ան իր անսահման ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ պարտքի աւարտին առթիւ, միաժամանակ իր երախտագիտութիւնը բոլոր նուիրատուներուն եւ կամաւոր աշխատողներուն։

Ողջոյնի եւ շնորհաւորական ջերմ խօսքերով ելոյթներ ունեցան ԱՄՆ-ի Հայց. Եկեղեցւոյ թեմական խորհուրդի ատենապետ Տէրիք Ղուկասեան եւ Հ.Ե. Երիտասարդաց բաժանմունքի տնօրէնուհի Վիքթորիա Ամրան։

Հակիրճ եւ համապարբակ զեկուցումով մը հանդէս եկաւ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժրաջան հովիւ Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Փեթոյեան։ Ան անդրադարձ կատարելով բացատրեց եկեղեցւոյ շինութեան ընթացքին յառաջացած զանազան դժուարութիւններուն, յատկապէս նիւթական անսպասելի տագնապները, որոնց յաղթահարումը կը տօնենք այսօր։

Գործադրուեցաւ երաժշտական կոկիկ յայտագիր մը։ Օրուան փալուն աստղն էր դեռատի եւ շնորհալի օփերային երգչուհի Մարի Մինասեանը, որուն հայերէն եւ օտար լեզուներով ելոյթներու աւարտին՝ ներկաները յոտնկայս ծափահարութիւններով գնահատեցին զինք։

Այս առթիւ Ամենայն Հայոց Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի յատուի կոնդակով, «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանին արժանացաւ Տիկին Մարգարիտ Հուկասեանը, առ ի գնահատութիւն իր եկեղեցանուէր ծառայական կեանքի եւ անխոնջ նուիրմով քսան տարի կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւնը ձեռնհասօրէն կատարելուն եւ այլ օգտաշատ նախաձեռնութիւններուն համար։

Նմանապէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Հայրապետական յատուկ կոնդակով մը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն շնորհակալութիւն կը յայտնէր Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժրաջան հովիւ Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Փեթոյեանին եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն, որոնք իրենց տքնաջան եւ յարատեւ աշխատանքներուն շնորհիւ եւ բարերարներու աջակցութեամբ կրցան յաջողութեամբ իր աւարտին հասցնել այս դժուարին հանգրուանը։

Զոյգ կոնդակներու եւ շքանշանի տըւչութենէն ետք, Գերշ. Յովնան Սրբազանը իր շնորհաւորութիւններն ու անհուն ուրախութիւնը յայտնեց այս աստուաճահաճոյ սրբազան գործի լրումին առթիւ։ Ան իր շնորհակալութիւններն ու գնահատութիւնը յայտնեց անցեալի եւ ներկայի եկեղեցւոյ բոլոր հովիւներուն, ծխականներուն, յարակից ենթակառոյցներուն եւ իրենց ծառայական կեանքը նուիրաբերողներուն։ Սրբազանը յորդորեց նաեւ Աստուծոյ այս տունը միշտ վառ պահել, նշելով որ «ասիկա ձեր տունն է միանգամայն»։

Սոյն միջոցառումի ամենահետաքրքրական մասը կալուածագրաւի (mortgage) վառման արարողութիւնն էր։ Արդարեւ Տէր Սարգիսն ու քանի մը ծխականներ շրջապատուած եկեղեցականներով (Տէր Վազգէն Մովսէսեան, Տէր Յարութիւն Թաշճեան, Տէր Մուշեղ Թաշճեան) մետաղէ ամաններու մէջ դրուած կալուածագրերը վառեցին եւ իսկոյն մարեցին արժանանալով որոտընդոստ ծափահարութիւններու։ Ապա ժողովուրդը միաբերան երգեց «Խմենք Հայրենիք» խմբերգը, ղեկավարութեամբ Յակոբ Սրկ. Կակոսեանի։

Աւարտին՝ տեղի ունեցաւ երգ ու պար եւ 75-ամեակի կարկանդակի հատում։

Պարեղանակներու երաժշտութեան կ՝ընկերակցէր DJ Mahig-ը:

Ի սրտէ կը շնորհաւորենք այս պատուաբեր գործի կազմակերպիչները։ Ամենաջերմ բարեմաղթութիւններով՝

Գ. ՄՈԼՈՅԵԱՆ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment