Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կապանի Մէջ Բացուեցաւ Իրանի Գլխաւոր Հիւպատոսութիւնը

Կապանի Մէջ Բացուեցաւ Իրանի Գլխաւոր Հիւպատոսութիւնը

by MassisPost

ՀՀ Սիւնիքի մարզային կեդրոն Կապանի մէջ բացուեց Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը: Բացման արարողութեան մասնակցեցան ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտոլլահիանը:

Արարատ Միրզոյեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ հիւպատոսութեան հիմնումն ու արդիւնաւէտ գործունէութիւնը նոր որակ պիտի հաղորդեն երկու երկիրներու իւրայատուկ յարաբերութիւններուն, պիտի խթանեն երկկողմ փոխգործակցութիւնն ու պիտի նպաստեն հայ-իրանեան կապերու զարգացման:

«Յարգելի պարոն նախարար, ուզում եմ ձեզ հաւաստիացնել, որ Հայաստանում խորապէս ընկալում եւ բարձր են գնահատում մեր երկրի ողնաշարը հանդիսացող այս հատուածում` Սիւնիքի մարզում գլխաւոր հիւպատոսութիւն բացելու Իրանի իշխանութիւնների որոշումը: Ցանկանում եմ եւս մէկ անգամ վերահաստատել հայկական կողմի մտադրութիւնը` Թաւրիզում գլխաւոր հիւպատոսութիւն հիմնելու համար: Իրանը Հայաստանի համար մշտապէս եղել է եւ կը շարունակի լինել առանցքային գործընկեր: Մեր փոխգործակցութիւնը ներառում է բաւական ընդգրկուն քաղաքական օրակարգ, ինչպէս նաեւ առեւտրի, ուժանիւթի, փոխադրութեան, այլ ոլորտներում ամուր կապեր, որոնք էլ աւելի կը խորանան եւ որակական ու գործնական նոր շունչ կը ստանան այսօր բացուող գլխաւոր հիւպատոսութեան գործունէութեան շնորհիւ», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան:

Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտոլլահիան նշեց․ «Կապանի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն հիմնելու Իրանի կառավարութեան որոշումը այն կարեւորութեան դրսեւորումն է, որ Իրանի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը կու տայ Իրանի եւ հայ ժողովուրդի հազարամեայ յարաբերութիւններուն: Ես կ’ուզեմ յայտնել, որ Իրանը Հայաստանի եւ տարածաշրջանի անվտանգութիւնը կը համարէ իր անվտանգութիւնը: Մեր քաղաքականութիւնն է յարգել տարածքային ամբողջականութիւնը եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները: Մենք պիտի աշխատինք, որ երկու երկիրներիուն միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները աւելի զարգանան: Սիւնիքի մարզը կը հանդիսանայ Հիւսիս-Հարաւ միջանցքի կարեւորագոյն հատուածներէն մէկը: Մենք Հայաստանը կը համարենք հիւսիս-հարաւ մայրուղիին մէջ գտնուող կարեւորագոյն երկիրներէն մէկը: Եւ մենք մեր առաւելագոյն ջանքերը պիտի գործադրենք, որպէսզի այդ տարանցիկ ուղին, ինչպէս նաեւ ապրանքափոխադրումներն ու ուղեւորափոխադրումները այս ուղիով զարգանան»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment