Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Մաքրոնի Յայտարարութիւնները Անպատշաճ Են Եւ Անընդունելի». Փութին

«Մաքրոնի Յայտարարութիւնները Անպատշաճ Են Եւ Անընդունելի». Փութին

by MassisPost

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութիւնները, թէ իբր Ռուսիան կ’օգտագործէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը Հարաւային Կովկասի ապակայունացման համար, անպատշաճ են եւ անընդունելի, յայտարարել է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:

«Միաժամանակ, ի հարկէ, ես զարմանքով կարդացի Ֆրանսայի նախագահի որոշ մեկնաբանութիւններ հանդիպման արդիւնքներուն վերաբերեալ… Հոկտեմբեր 6-ին: Կը համարեմ, որ այդ յայտարարութիւնները… անոնց մէջ կը բացակայի հակամարտութեան բուն ընթացքի ըմբռնումը, եւ ֆրանսական, դատելով ամէն ինչէն, տեղեկատուութիւնը կողմերու դիրքորոշման մասին, այդ պատճառով անոնք կը հնչէին անպատշաճ… անընդունելի», ըսած է Փութին նեղ կազմով ԱՊՀ գագաթաժողովին` յաւելելով, որ իրենք հնարաւոր է այդ նորէն քննարկեն Ֆրանսայի նախագահին հետ:

Անոր խօսքով` Ռուսիան միշտ ձգտած է որեւէ հակամարտութեան կարգաւորման: «Ամէն պարագայի, Ռուսիան միշտ անկեղծօրէն ձգտած է, որ  որեւէ հակամարտութիւն կարգաւորուի, այդ շարքին նաեւ հարցերը, որոնք կ’առնչուին Ղարաբաղին եւ անոր շուրջ», ըսած է Փութին:

Ռուսիոյ նախագահը համոզուած է, որ ԱՊՀ տարածքին հակամարտութիւններու պարագային անհրաժեշտ է ձգտիլ առաւելագոյնս ելք գտնելու ստեղծուած իրավիճակէն:

«Ի հարկէ, ԱՊՀ շրջանակներուն մէջ ամբողջ դրական փոխգործակցութեամբ հանդերձ` պէտք է հասկնալ, որ, ցաւօք, երբեմն ի յայտ կու գան տարաձայնութիւններ եւ հակամարտութիւններ… Ի հարկէ, մենք պէտք է ձգտեինք ելք գտնելու ստեղծուած իրավիճակէն, ուր ալ որ այն յառաջանայ: Բարի կամք, իմ կարծիքովս, բոլորը ունին, պէտք է այդ բարի կամքը առաւելագոյնս օգտագործենք», ընդգծած է Փութին:

Ռուսիոյ նախագահը նաեւ ՀՀ վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին հրաւիրած է հանդիպելու «որեւէ տեղ, որեւէ ժամանակ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment