Ասթանայի մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերոու նախարարները քննարկած են 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի, 2021-ի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններով ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը:
Ըստ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան` Արարատ Միրզոյեանը, Սերկէյ Լաւրովն ու Ճէյհուն Պայրամովը անդրադարձած են սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու շրջանակներուն մէջ, տարածաշրջանին մէջ տնտեսական կապերու եւ փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի մշակման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման շուրջ:
Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զօրքերու դուրսբերման, բոլոր հայ ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակման եւ զինադադարի անվերապահ պահպանման անհրաժեշտութիւնը:
Կարեւորուած է սահմանային իրավիճակի մշտադիտարկման ու վերահսկման միջազգային մեխանիզմներու ներդրումը` նոր յարձակումները կանխարգելելու նպատակով:
Ամփոփելով Ասթանայի մէջ եռակողմ հանդիպման արդիւնքները Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը իր հերթին յայտարարած է, որ Փրակի քառակողմ հանդիպման արդիւնքները Պաքուն որպէս յառաջընթաց կ’ընկալէ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ուղղութեամբ:
Ճէյհուն Պայրամով յիշեցուցած է, որ Ժընեւի մէջ Հոկտեմբեր 2-ին «Ատրպէյճանը Հայաստանին ներկայացուցած է խաղաղութեան պայմանագրի հիմնական տարրերը» եւ կը սպասէ Հայաստանի պատասխանին:
Ռուսիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարներուն մասնակցութեամբ եռակողմ հանդիպման ընթացքին Ատրպէճանի դիւանագիտութեան ղեկավարը Հայաստանին կոչ ըրած է գործնական աշխատանքներու սկսելու նաեւ հաղորդակցութիւններու բացման ուղղութեամբ:
Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ Լաւրով-Միրզոյան-Պայրամով հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են նաեւ «կարգաւորման գործընթացին նպաստող այլ մարդասիրական հարցերու շուրջ»:
Հանդիպման մեկնարկին Սերկէյ Լաւրով ըսած էր, որ հանդիպման ընթացքին յոյս ունի քննարկելու երեք երկիրներու ղեկավարներու 2020 եւ 2021 թուականներու պայմանաւորուածութիւններու կատարման հարցը` հասկնալու համար, թէ «ինչպէս շարժիլ յառաջ»: