Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութիւնները, թէ իբր Ռուսիան կ’օգտագործէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը Հարաւային Կովկասի ապակայունացման համար, անպատշաճ են եւ անընդունելի, յայտարարել է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:
«Միաժամանակ, ի հարկէ, ես զարմանքով կարդացի Ֆրանսայի նախագահի որոշ մեկնաբանութիւններ հանդիպման արդիւնքներուն վերաբերեալ… Հոկտեմբեր 6-ին: Կը համարեմ, որ այդ յայտարարութիւնները… անոնց մէջ կը բացակայի հակամարտութեան բուն ընթացքի ըմբռնումը, եւ ֆրանսական, դատելով ամէն ինչէն, տեղեկատուութիւնը կողմերու դիրքորոշման մասին, այդ պատճառով անոնք կը հնչէին անպատշաճ… անընդունելի», ըսած է Փութին նեղ կազմով ԱՊՀ գագաթաժողովին` յաւելելով, որ իրենք հնարաւոր է այդ նորէն քննարկեն Ֆրանսայի նախագահին հետ:
Անոր խօսքով` Ռուսիան միշտ ձգտած է որեւէ հակամարտութեան կարգաւորման: «Ամէն պարագայի, Ռուսիան միշտ անկեղծօրէն ձգտած է, որ որեւէ հակամարտութիւն կարգաւորուի, այդ շարքին նաեւ հարցերը, որոնք կ’առնչուին Ղարաբաղին եւ անոր շուրջ», ըսած է Փութին:
Ռուսիոյ նախագահը համոզուած է, որ ԱՊՀ տարածքին հակամարտութիւններու պարագային անհրաժեշտ է ձգտիլ առաւելագոյնս ելք գտնելու ստեղծուած իրավիճակէն:
«Ի հարկէ, ԱՊՀ շրջանակներուն մէջ ամբողջ դրական փոխգործակցութեամբ հանդերձ` պէտք է հասկնալ, որ, ցաւօք, երբեմն ի յայտ կու գան տարաձայնութիւններ եւ հակամարտութիւններ… Ի հարկէ, մենք պէտք է ձգտեինք ելք գտնելու ստեղծուած իրավիճակէն, ուր ալ որ այն յառաջանայ: Բարի կամք, իմ կարծիքովս, բոլորը ունին, պէտք է այդ բարի կամքը առաւելագոյնս օգտագործենք», ընդգծած է Փութին:
Ռուսիոյ նախագահը նաեւ ՀՀ վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին հրաւիրած է հանդիպելու «որեւէ տեղ, որեւէ ժամանակ»: