Ատրպէյճանական ուժերու կողմէ հայ ռազմագերիներու մահապատիժը 2022 թուականի Սեպտեմբերին պատերազմական յանցագործութիւն է, որուն համար պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուիլ, յայտարարած է Human Rights Watch կազմակերպութիւնը: Human Rights Watch-ը վերլուծած է Հոկտեմբերի սկիզբը ընկերային ցանցերուն մէջ հրապարակուած տեսանիւթը, ուր կ’երեւի առնուազն եօթը հայ ռազմագերիներու արտադատական մահապատիժը ատրպէյճանական ուժերու կողմէ:
«Յանձնուած զինուորներու սպանութիւնը սարսափելի պատերազմական յանցագործութիւն է», կ’ըսէ Human Rights Watch-ի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէն Հիւ Ուիլիըմսընը: «Այս զինուորները գերի ինկած եւ վայր դրած են զէնքերը», նշած է Ուիլիըմսընը, – զանոնք գերեվարողները պարտաւոր էին անոնց հետ մարդասիրականօրէն վերաբերիլ, փոխարէնը, ակնյայտօրէն ատրպէյճանական ուժերը սառնասրտօրէն գնդակահարած են զանոնք: Անոնք պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին»: