Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոսկուան Երեւանին Եւ Պաքուին Փոխանցած Է Խաղաղութեան Պայմանագրի Համընդհանուր Առաջարկ

Մոսկուան Երեւանին Եւ Պաքուին Փոխանցած Է Խաղաղութեան Պայմանագրի Համընդհանուր Առաջարկ

by MassisPost

Մոսկուան Երեւանին եւ Պաքուին փոխանցած է խաղաղութեան պայմանագրի համընդհանուր առաջարկ: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան: «Մեր համընդհանուր առաջարկները փոխանցուած են Երեւանին եւ Պաքուին: Ինչպէս մենք արդէն հաղորդած ենք, արտաքին գործերու նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւը այցեր ունեցած է տարածաշրջան այդ թեմայով խորհրդակցութիւններու համար», ըսած է Զախարովան:

Զախարովան նպատակայարմար չէ համարած խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններու մանրամասնութիւնները մեկնաբանելը` ընդգծելով, որ Մոսկուան միտուած է արդիւնքի հասնելուն: «Մենք ինչ-որ յատուկ գովազդային գործունէութեամբ չենք զբաղիր, որուն տակ ոչինչ կայ: Հակառակը` մենք կը պատմենք, թէ ինչ յաջողած է ընել: Ուշադրութեան տակ պահելով  խաղաղութեան պայմանագրի թեմայի զգայուն ըլլալու հանգամանքը` մենք նպատակայարմար չենք համարեր մեկնաբանել ընթացող բանակցութիւններու մանրամասնութիւնները», ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան ներկայացուցիչը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment