Հոկտեմբեր 6-ին` ժամը 14:20-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերու մէջ ամրաշինական աշխատանքներ իրականացնող շինարարական տեխնիկայի ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով այն վնասուած է: Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը` կից հրապարակելով տեսանիւթ: