Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպացիները Միջնորդագիր Ներկայացուցած Են` Պահանջելով Ուրսուլա Ֆօն Տեր Լեյենի Հրաժարականը Ալիեւի Հետ Համագործակցութեան Համար

Եւրոպացիները Միջնորդագիր Ներկայացուցած Են` Պահանջելով Ուրսուլա Ֆօն Տեր Լեյենի Հրաժարականը Ալիեւի Հետ Համագործակցութեան Համար

by MassisPost

Յայտնի Change.org կայքին մէջ եւրոպացի քաղաքացիներու անունով Եւրոյանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆօն տեր Լեյենի հրաժարականի պահանջով խնդրագիր յայտնուած է` հասցէագրուած Եւրոխորհրդարանին:

Միջնորդագրին մէջ կ’ըսուի, որ Ուրսուլա ֆօն տեր Լեյենը կ’աջակցի Ատրպէյճանին` որպէս ԵՄ-ի համար կազի մատակարարման յուսալի գործընկեր: Այն պարագային, երբ ան կը համաձայնի ձերբազատիլ բռնապետէ մը` Փութինէն, գործարք կը կնքէ մէկ ուրիշի` Ալիեւի հետ: Նոյնիսկ այն բանէն յետոյ, երբ ատրպէյճանցի զինուորներու վայրագութիւնները, ինչպիսիք են հայ զինուորներու խոշտանգումներն ու ռազմագերիներու գնդակահարութիւնները, փաստագրուեցան, ֆօն տեր Լեյենը այդպէս ալ չմեկնաբանեց զանոնք:

Միջնորդագրի հեղինակ Սթեֆան Փափը համոզուած է, որ իրեն յարգող որեւէ ժողովրդավարութիւն պէտք չէ թոյլ տայ մարդու իրաւունքներու աղաղակող խախտումներ, որոնք տեղի կ’ունենան Ատրպէյճանի մէջ: Ուստի կարելի է վստահաբար ըսել, որ եւրոպացի քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը չի փափաքիր աջակցիլ անոր որպէս ԵՄ Յանձնաժողովի նախագահ, յատկապէս, որ ան երբեք չէ ընտրուած ԵՄ քաղաքացիներու կողմէ: ԵՄ խորհրդարանը, միջնորդագրին համաձայն, պէտք է ընտրէ մէկ այլ նախագահ, որ աւելի շատ պիտի գնահատէ մարդու իրաւունքները, քան ան է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment