Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճան Յարձակած Եւ Բռնագրաւած Է Հայաստանի Տարածքներ, Բայց Եւրոմիութիւնը Պատժամիջոցներ Չի Դիտարկեր. Պորէլը` Եւրոխորհրդարանին Մէջ

Ատրպէյճան Յարձակած Եւ Բռնագրաւած Է Հայաստանի Տարածքներ, Բայց Եւրոմիութիւնը Պատժամիջոցներ Չի Դիտարկեր. Պորէլը` Եւրոխորհրդարանին Մէջ

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ, այդ շարքին` կազային պամանագրի չեղարկում կամ սառեցում չի դիտարկեր, Եւրոխորհրդարանին մէջ յայտարարեց կառոյցի փոխնախագահ, Արտաքին յարաբերութիւններու հարցով բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզէփ Պորէլ: Ընդ որում, այդ յայտարարութենէն առաջ եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտը փաստեց, որ Ատրպէյճանը յարձակած է Հայաստանի վրայ եւ բռնագրաւած որոշ տարածքներ:

«Պարզապէս ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի հրթիռներն ու անօդաչուները թիրախաւորած են Հայաստանի տարածքը` վնասելով քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ: Ատրպէյճանը բռնագրաւած է Հայաստանի որոշ տարածքներ, եւ սա բացարձակապէս անընդունելի է: Սա Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքի խախտում է, եւ հիմա զօրքերը այնքան մօտ կանգնած են իրար, որ նոր հակամարտութեան վտանգ կայ», ըսաւ ան:

Ի տարբերութիւն նախորդ քննարկումներուն, այս անգամ արտաքին գործերու նախարարը քանի մը անգամ կրկնեց, որ Ատրպէյճանը յարձակուած է` գրաւելով հայկական տարածքներ: Ընդգծեց, որ Եւրոմիութիւնը կը պահանջէ Պաքուէն ետ քաշել զօրքը ու հետաքննել նախօրէին տարածուած տեսանիւթը` գերիներու գնդակահարութեան տեսարաններով:

Բորելի հասցէական քննադատութիւնը, սակայն, պատգամաւորները չէր գոհացներ․ «Պատմութիւնը ցոյց տուաւ, որ դատապարտելով միայն իրավիճակ չի փոխուիր», յայտարարեց յոյն պատուիրակը: «Պաքուն միայն ուժի զօրութիւնը կը հասկնայ», շարունակեց Հոլանտայի ներկայացուցիչ Փիթըր վան Տալենը` առաջարկելով չեղարկել կամ գոնէ այս պահուն սառեցնել Ատրպէյճանի հետ կնքուած կազային համաձայնագիրը:

«Չհասկցայ` Ձեր հարցումը որն է: Դուք կը հարցնէք` կ’ըլլա՞յ այդպէս, թէ՞ ոչ: Պատասխանն է` ոչ», արձագանգեց Ժոզէփ Պորէլ:

Պատգամաւորներէն շատերը կը պնդէին, որ Ատրպէյճանը Հայաստանի նկատմամբ կ’ընէ այն, ինչ Ռուսիան` Ուքրանիոյ դէմ, ինչո՞ւ Միութիւնը մէկ պարագային վճռական է, միւս պարագային` երկչոտ քայլերու կը ձեռնարկէ: Բարձրագոյն յանձնակատարը գրեթէ նոյնաբովանդակ պատասխաններ կու տար. «Մենք միայն որոշակի հնարաւորութիւններ ունինք մեր ձեռքին մէջ: Շատ ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ դուք ինծի առաջարկէք` դեռ ինչ կրնանք ընել»:

Ի պատասխան` եւրոպացի պատգամաւորները մատնացոյց կ’ընէին Ատրպէյճանի հետ վերջերս կնքուած համաձայնագիրը:

«Ի՞նչը աւելի կարեւոր է` Ատրպէյճանի կա՞զը, թէ՞ հայերուն արիւնը», հարցուց ֆրանսացի Ժորտան Պորտելլան: Պորէլ հակադարձեց, որ այդ երկուքին միջեւ որեւէ կապ չի տեսներ:

«Ես իրականութեան մէջ հարց չլսեցի ձեր ելոյթին մէջ․․․ կազի եւ արեան միջեւ համեմատութիւնը բացարձակապէս անհեթեթ է: Դուք թերեւս այդ համարժէք կը համարէք, բայց սա բանավէճ է, ուր, կը կարծեմ, մենք պէտք է լուրջ հարցադրումներ ընենք, որոնց ես լրջօրէն կը պատասխանեմ», կ’արձագանգէր Պորէլ:

«Անդամ պետութիւններէն որեւէ մէկը պատժամիջոցներու առաջարկ սեղանին չէ դրած»: Կիպրոսցի Քոսթաս Մաւրիտեսը աւելի ուղիղ ձեւակերպեց հարցը` պատրա՞ստ էք պատժամիջոցնէր կիրառելու Ատրպէյճանի դէմ:

«Որքանով ես տեղեակ եմ` անդամ պետութիւններէն որեւէ մէկը նման առաջարկ սեղանին չէ դրած: Պատժամիջոցներու սահմանումը, ինչպէս գիտէք, անդամ երկիրներու գործն է», հակադարձեց Եւրոմիութեան փոխնախագահը` ակնարկելով, որ այդ հարցը պատգամաւորները պէտք է նախ իրենց մայրաքաղաքներուն մէջ բարձրացնեն: Իր անունով վստահեցուց, որ Պաքուի հետ կազային պայմանագիր կնքելով եւ Ալիեւը Եւրոմիութեան վստահելի գործընկեր անուանելով Եւրոյանձնաժողովի նախագահը սկզբունքներ չէ խախտած, զիջումներ չէ կատարած:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment